Home ՀԱՅԱՍՏԱՆ «Զուարթնոց» Օդակայանէն Մեկնարկեց Երեւան-Սթամպուլ-Երեւան Ուղիղ Թռիչքը

«Զուարթնոց» Օդակայանէն Մեկնարկեց Երեւան-Սթամպուլ-Երեւան Ուղիղ Թռիչքը

by MassisPost

Փետրուար 2-էն վերականգնուած է Երեւանի եւ Սթամպուլի միջեւ օդային հաղորդակցութիւնը: Մեկնարկած են «Flyone Armenia» օդանաւային ընկերութեան Երեւան-Սթամպուլ-Երեւան երթուղիով ոչ-կանոնաւոր պարբերական թռիչքները:

Փետրուար եւ Մարտ ամիսներուն Երեւան-Սթամպուլ թռիչքները «Զուարթնոց» միջազգային օդակայանէն դէպի «Սթամբուլ» միջազգային օդակայան պիտի իրականացուին շաբաթական 2 թռիչք յաճախականութեամբ` Երկուշաբթի եւ Ուրբաթ օրերը:

Ապրիլ ամիսէն կը նախատեսուի աւելցնել թռիչքներուն քանակը: Ընկերութիւնը պիտի իրականացնէ շաբաթական 3 թռիչք` Երկուշաբթի, Չորեքշաբթի եւ Ուրբաթ օրերը: Տոմսերուն արժէքը կը սկսի 39 եւրոյէն, իսկ Flyone Club-ի անդամներուն համար` 34 եւրոյէն:

Ի դէպ, «Զուարթնոց» միջազգային օդակայանին մէջ տեղի ունեցած է նաեւ աշխարհահռչակ հայազգի լուսանկարիչ Արա Կիւլէրի աշխատանքներու ժամանակաւոր ցուցահանդէսի բացումը: Պոլսահայ լուսանկարիչ-լրագրող Արա Կիւլէրը, որ կը կոչէին «Սթամպուլի Աչք» կամ «Սթամպուլի Լուսանկարիչ», քսաներորդ դարու լաւագոյն լուսանկարիչներէն մէկն է:

Յիշեցնենք, որ 2022 թուականի Յունուար 10-ին  «Flyone Armenia» եւ «Pegasus» օդանաւային ընկերութիւնները Երեւան-Սթամպուլ-Երեւան երթուղիով ոչ-կանոնաւոր թռիչքներ իրականացնելու թոյլտւութիւն ստացած են Քաղաքացիական Օդագնացութեան Կոմիտէին կողմէ:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment