Հայաստանի փոխվարչապետ Մհեր Գրիգորեան ընդունած է աշխատանքային այցով Երեւան ժամանած Ռուսաստանի փոխվարչապետ Ալեքսէյ Օվերչուքը:
Անոնք քննարկած են Հայաստանի, Ռուսաստանի եւ Ատրպէյճանի փոխվարչապետներու եռակողմ աշխատանքային խումբի օրակարգային հարցերը, ինչպէս նաեւ Հարաւային Կովկասի տարածաշրջանին մէջ ճանապարհային հաղորդակցութիւններու վերականգնման հեռանկարները:
Փոխվարչապետներու եռակողմ յանձնաժողովին մէջ Հայաստանը ներկայացնող Մհեր Գրիգորեանը օրերս ըսած էր, որ յառաջիկայ հանդիպման ամսաթիւին մասին լրացուցիչ պիտի յայտարարուի, չհամաձայնելով որ Հայաստանի, Ռուսաստանի եւ Ատրպէյճանի ղեկավարներու Նոյեմբեր 26-ի Սոչիի հանդիպումէն յետոյ չեն յաջողած համաձայնութեան գալ: Ան յիշեցուցած էր նաեւ, որ առնուազն երկաթագիծի հարցով կայ փոխըմբռնում:
Աշխատանքային խումբի վերջին հանդիպումը Դեկտեմբեր 1-ին կայացած էր:
Քանի մը այլ հարցեր եւս, այդ շարքին` ռուս-հայկական երկկողմ յարաբերութիւնները, առեւտրատնտեսական համագործակցութիւնը, Գրիգորեանի ու Օվերչուքի այս հանդիպման օրակարգին եղած են: