Home ՀԱՅԱՍՏԱՆ 2020-ի Նոյեմբեր 10-ի Գործով Եւս 2 Աձի Նախաքննութիւնը Աւարտած Է

2020-ի Նոյեմբեր 10-ի Գործով Եւս 2 Աձի Նախաքննութիւնը Աւարտած Է

by MassisPost

Ազգային Անվտանգութեան Ծառայութիւնը (ԱԱԾ) կը յայտնէ, որ աւարտած է եւս երկու անձերու՝ 2020-ի Նոյեմբեր 10-ին Երեւանի մէջ զանգուածային անկարգութիւններ կազմակերպելու, ինչպէս նաեւ անոնց մասնակցելու դէպքերուն առթիւ յարուցուած քրէական գործին նախաքննութիւնը:

Ըստ հաղորդագրութեան, «Այլընտրանք» հասարակական կազմակերպութեան նախագահ Նարեկ Մանթաշեանը, կառավարութեան շէնքէն կոչով դիմած է այդ պահուն ուղիղ եթերով իրադարձութիւնները լուսաբանող լրատուամիջոցներուն, ինչպէս նաեւ զանգուածային անկարգութեան մասնակիցներուն, որու ընթացքին կեղծ տեղեկութիւններ յայտնած է, թէ իբր պաշտօնատար անձեր կը փորձեն հեռանալ երկրէն, ապա կոչ ըրած է փակելու յատուկ պահպանութեան կառոյց համարուող «Զուարթնոց» օդակայան տանող ճանապարհը, ինչպէս նաեւ կառավարական կեցավայրը եւ թոյլ չտալու ոեւէ պաշտօնատար անձի լքել երկիրը:

ԱԱԾ-ն կը նշէ, որ Մանթաշեանը, անմիջականօրէն ղեկավարելով զանգուածային անկարգութիւններ իրականացնող ամբոխին գործողութիւնները, վերջիններս ուղղորդած է իր կողմէ մատնանշուած վայրեր` իր հերթին նոյնպէս ուղեւորուելով «Զուարթնոց» օդակայան:

«Արդիւնքում, կառավարութեան շէնքում զանգուածային անկարգութիւններին մասնակցող անձինք, այդ թւում` գործով միւս մեղադրեալ Գ.Գ.-ն, շարժուել են «Զուարթնոց» օդակայան, որտեղ իրականացրել եւ մասնակցել են ջարդերով, գոյք ոչնչացնելով եւ վնասելով զուգորդուած զանգուածային անկարգութիւններին: Ապօրինի մուտք են գործել յատուկ պատուիրակութիւնների ճանապարհման եւ դիմաւորման սրահի տարածք, ապա նաեւ արգելուած գօտի հանդիսացող թռիչքուղի եւ տեւական ժամանակ չենթարկուելով «Զուարթնոց»-ի անվտանգութեան աշխատակիցների եւ ոստիկանութեան ծառայողների օրինական պահանջներին, փորձել են մօտենալ նոյն պահին ուղեւորներով բեռնուած հերթական միջազգային չուերթ իրականացնող եւ շարժման մէջ գտնուող օդանաւին ու դադարեցնել օդանաւի` թռիչքուղիով շարժը եւ այն ապօրինի խուզարկել, որի ընթացքում հնչեցրել են բռնութիւն կիրառելու սպառնալիքներ` այդ կերպ վտանգելով հասարակական անվտանգութիւնը, խաթարելով օդակայանի բնականոն գործունէութիւնը, իրական վտանգ ստեղծելով այլ անձանց կեանքի եւ առողջութեան համար», ըսուած է հաղորդագրութեան մէջ:

Բացի այդ, ըստ ԱԱԾ-ի, կառավարութեան շէնքին մէջ գտնուող զանգուածային անկարգութիւններու մասնակիցներէն աւելի քան 50 հոգի, Նարեկ Մանթաշեանի կազմակերպմամբ, անմիջապէս շարժած են կառավարական կեցավայր, վնասելով բացած են մուտքի դարպասները, ներխուժած՝ կեցավայրի տարածք, այնուհետեւ` վարչապետին յատկացուած առանձնատուն` ոչնչացնելով ու վնասելով այնտեղ գտնուող տարատեսակ գոյքը, ինչպէս նաեւ յափշտակած են տարբեր իրեր` այդ կերպ իրականացնելով գոյք ոչնչացնելով եւ վնասելով զուգորդուած զանգուածային անկարգութիւններ:

Նարեկ Մանթաշեանը ներգրաւուած է որպէս մեղադրեալ եւ անոր նկատմամբ խափանման միջոց կիրառուած է կալանաւորումը:

Ազգային Անվտանգութեան Ծառայութիւնը կը տեղեկացնէ, որ յիշեալ մեծածաւալ քրէական գործով իրականացուած նախաքննութեան արդիւնքներով արդէն իսկ ընդհանուր առմամբ 29 անձի նկատմամբ 10 քրէական գործեր անջատուած եւ մեղադրական եզրակացութեամբ ուղարկուած են դատախազին` գործը ըստ էութեան քննելու համար դատարան ուղարկելու միջնորդութեամբ:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment