Home ՀԱՅԱՍՏԱՆ Քրիսթինէ Գրիգորեան Ընտրուեցաւ Մարդու Իրաւունքներու Պաշտպան

Քրիսթինէ Գրիգորեան Ընտրուեցաւ Մարդու Իրաւունքներու Պաշտպան

by MassisPost

Հայաստանը մարդու իրաւունքներու նոր պաշտպան ունի: Այսօր Ազգային ժողովը փակ-գաղտնի քուէարկութեամբ, 68 կողմ եւ 0 դէմ ձայներու յարաբերակցութեամբ, Մարդու իրաւունքներու պաշտպանի պաշտօնին ընտրեց Քրիսթինէ Գրիգորեանը:

40-ամեայ Գրիգորեանը 2019 թուականի Յուլիս 3-էն մինչեւ այս ամսուայ 20-ը զբաղեցուցած է արդարադատութեան փոխնախարարի պաշտօնը: Մինչ այդ ալ պետական համակարգին մէջ տարբեր պաշտօններ զբաղեցուցած է:

Գործող պաշտպան Արման Թաթոյեանի պաշտօնավարման ժամկէտը կը լրանայ Փետրուար 23-ին: Ան մարդու իրաւունքներու պաշտպանի պաշտօնը ստանձնած էր 2016 թուականի Փետրուար 23-ին: Ըստ օրէնքի` նոր պաշտպանը իր պարտականութիւններու կատարման կ’անցնի Ազգային ժողովին մէջ երդման արարողութենէն յետոյ, նախորդ ՄԻՊ-ի պաշտօնավարման ժամկէտի աւարտման յաջորդ օրը:

Քրիսթինէ Գրիգորեանի թեկնածութիւնը առաջադրած էր իշխող «Քաղաքացիական Պայմանագիր» կուսակցութիւնը: Իշխանականները կը համարեն, որ Գրիգորեանը արհեստավարժ է եւ կը համապատասխանէ այդ պաշտօնին: Մինչդեռ ընդդիմադիրները քննադատութեան ենթարկեցին Գրիգորեանը` համարելով, որ ան պիտի դառնայ իշխանութեան պաշտպանը:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment