Home ԳԼԽԱՒՈՐ ԼՈՒՐԵՐ Միջանցքային Տրամաբանութիւնն Ու Հռետորաբանութիւնը Աւելի Կը Խորացնեն Հակադրութիւնը Եւ Թշնամանքը․ Նիկոլ Փաշինեան

Միջանցքային Տրամաբանութիւնն Ու Հռետորաբանութիւնը Աւելի Կը Խորացնեն Հակադրութիւնը Եւ Թշնամանքը․ Նիկոլ Փաշինեան

by MassisPost

«Երբ խօսք է գնում միջանցքների մասին, միջանցքային տրամաբանութիւնն ու հռետորաբանութիւնը աւելի է խորացնում հակադրութիւնը, թշնամանքը եւ թշնամութեան մթնոլորտը տարածաշրջանում»,- ԱԺ-կառավարութիւն հարց ու պատասխանի ժամանակ ըսաւ վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան՝ անդրադառնալով տարածաշրջանային ենթակառուցուածքներու ապաշրջափակման հարցին։

Ան նշեց, որ 2020 թուականի Նոյեմբեր 9-ի յայտարարութեան 9-րդ կէտով յստակ արձանագրուած է, որ տարածաշրջանային բոլոր տնտեսական եւ փոխադրային հաղորդակցութիւնները պիտի բացուին։ «Եւ մենք պաշտպանում ենք այդ տեսակէտը։ Սա նշանակում է առաջին հերթին, որ, օրինակ, երկաթուղիները, որոնք ժամանակին գոյութիւն են ունեցել, պէտք է սկսեն բացուել ու մատչելի դառնալ տարածաշրջանի երկրների համար։ Ավտոճանապարհները, որոնք ժամանակին գոյութիւն են ունեցել, ինչ-որ հերթականութեամբ պէտք է բացուեն եւ մատչելի դառնան տարածաշրջանի երկրների համար։

Եւ կարծում եմ, որ նաեւ դա է անվտանգութեան կարեւոր բաղադրիչ, որովհետեւ երբ տնտեսական եւ զուգահեռ նաեւ կապերն սկսում են աշխատել, դա որոշակի երաշխիք է ստեղծում անվտանգութեան եւ խաղաղութեան։ Մեր ընկալումը դա է, որ հաղորդակցութիւնների բացումը պէտք է ունենայ այս տրամաբանութիւնն ու նպատակադրումը»,- ըսաւ վարչապետը։

Ըստ Փաշինեանին՝ նպատակը այն է, որ երկու երկիրները՝ տուեալ պարագային ՀՀ-ն ու Ատրպէյճանը, իրարու հաղորդակցութիւնները օգտագործելու հնարաւորութիւն ունենան՝ բեռնափոխադրումներ, նաեւ ուղեւորափոխադրումներ իրականացնելու համար։ Թէ ինչ փուլերով ու ժամանակացոյցով ատիկա տեղի կ’ունենայ, այլ խնդիր է։ «Այս հարցում կարծես թէ կայ համաձայնութիւն։ Եւ ես ուզում եմ յիշեցնել, որ Յունուարի 11-ի յայտարարութիւնից առաջ էլ շատ մեծ աղմուկ եղաւ, որ հիմա ինչ է ստորագրուելու, բայց այդ յայտարարութեան բովանդակութեան վերաբերեալ մինչեւ օրս որեւէ վերապահում չի հնչել, որովհետեւ նորմալ կառուցողական բովանդակութիւն է։ Եւ հիմա մենք քննարկում ենք, թէ ինչ երթուղիներով դա պէտք է տեղի ունենայ։ Իմ կարծիքով՝ մեր դիրքորոշումն այն է, որ երթուղիները նոյնպէս պէտք է խաղաղութիւնը խորհրդանշեն եւ ոչ թէ հակամարտութիւնը»,- աւելցուց վարչապետը:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment