Home ԳԼԽԱՒՈՐ ԼՈՒՐԵՐ Փաշինեան-Ալիեւ Հանդիպում Նախատեսուած Չէ. ԱԳ Նախարար

Փաշինեան-Ալիեւ Հանդիպում Նախատեսուած Չէ. ԱԳ Նախարար

by MassisPost

«Այս պահին Փաշինեան-Ալիեւ հանդիպում, ինչպէս նաեւ մամուլում շրջանառուող փաստաթղթերի ստորագրումը նախատեսուած չէ», Ազգային ժողով-Կառավարութիւն հարցուպատասխանի ժամանակ ըսաւ Արտաքին գործոց նախարար՝ Արարատ Միրզոյեան։

«Միեւնոյն ժամանակ մշտապէս քննարկւում են տարբեր ձեւաչափերով տարբեր հանդիպումների առաջարկներ, եւ ենթադրաբար այդպիսի հնարաւոր հանդիպումների արդիւնքում գուցէ լինի համաձայնեցուած որեւէ բովանդակութեան հրապարակում, բայց այդ երկու քննարկուած բովանդակութեամբ փաստաթղթերի ստորագրում չի նախատեսւում», – տեղեկացուց արտաքին քաղաքական գերատեսչութեան ղեկավարը։

Անցեալ շաբթուընէ հայաստանեան ու ռուսաստանեան լրատուամիջոցներով տեղեկութիւն կը շրջանառուի, թէ Մոսկուայի մէջ Նոյեմբերի առաջին տասնօրեակին կը սպասուի Փաշինեան-Ալիեւ-Փութին հանդիպում, որու ընթացքին կողմերը եռակողմ յայտարարութիւններ պիտի ստորագրեն՝ սահմանազատման եւ սահմանագծման, ինչպէս նաեւ հաղորդակցութիւններու վերաբերեալ։

Արարատ Միրզոյեան միեւնոյն ժամանակ նշեց, որ այդ հանդիպումները հայկական կողմին համար կիրառական նշանակութիւն ունին՝ հասցէագրելու յետպատերազմեան խնդիրներու թնճուկը. «Առաջին հերթին ռազմագերիների եւ բռնի պահուող քաղաքացիական անձանց շուտափոյթ ազատ արձակումը, այդ հանդիպումները նաեւ հնարաւորութիւն են թուլացնելու լարուածութիւնը տարածաշրջանում, փորձելու ջանքեր գործադրել աւելի երկարատեւ կայունութիւն եւ խաղաղութիւն ապահովելու ուղղութեամբ»։

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment