Home ՀԱՅԱՍՏԱՆ «Լեւատա»․ «Հայաստանը Ռուսաստանի Ամենամերձաւոր Դաշնակիցներու Հնգեակին Մէջ Է»

«Լեւատա»․ «Հայաստանը Ռուսաստանի Ամենամերձաւոր Դաշնակիցներու Հնգեակին Մէջ Է»

by MassisPost

«Հայաստանը Ռուսաստանի ամենամերձաւոր դաշնակիցներու եւ բարեկամներու հնգեակին մէջ է». այդ կը վկայեն Մոսկուայի «Լեւատա» ընկերաբանական կեդրոնի կատարած վերջին հարցման արդիւնքները, որոնք հրապարակուած են նախօրէին։

Հետազօտութեան համաձայն, հարցուած ռուսաստանցիներու 16 տոկոսը Հայաստանը բնութագրած է որպէս Ռուսաստանի հանդէպ բարեկամաբար տրամադրուած երկիր։

Այս ցուցանիշով Հայաստանը 4-րդ տեղը գրաւած է՝ զիջելով Պելառուսիոյ, Չինաստանին եւ Ղազախիստանին։

Ռուսաստանցիներու 11 տոկոսը բարեկամ երկիր համարած է Ատրպէյճանը, իսկ 4 տոկոսը՝ Թուրքիան:

Նոյն հետազօտութեան համաձայն, Ռուսաստանի բնակիչներու 3 տոկոսը կը համարէ Հայաստանը իրենց երկրի հանդէպ թշնաբար տրամադրուած պետութիւն։ «Ռուսաստանցիներու 6 տոկոսը Թուրքիան ոչ բարեկամական երկիր կը համարէ, իսկ 3 տոկոսը՝ Ատրպէյճանը», – նշած են Մոսկուայի ընկերաբանները։

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment