Home Uncategorized Ծերակուտական Մենենտես ԱՄՆ-ի Իշխանութիւններուն Կոչ Կ’ընէ Քայլեր Ձեռնարկել Հայ Գերիներու Ազատ Արձակման Ուղղութեամբ

Ծերակուտական Մենենտես ԱՄՆ-ի Իշխանութիւններուն Կոչ Կ’ընէ Քայլեր Ձեռնարկել Հայ Գերիներու Ազատ Արձակման Ուղղութեամբ

by MassisPost

Միացեալ Նահանգներու Ծերակոյտի  Արտաքին յարաբերութիւններու յանձնաժողովի նախագահ՝ Պապ Մենենտես ամերիկեան իշխանութիւններուն կոչ կ’ընէ քայլեր ձեռնարկելու Ատրպէյճան պահուող հայ ռազմագերիները ազատ արձակելու ուղղութեամբ։

Ազդեցիկ ծերակուտականը յիշեցուցած է, որ ռազմական գործողութիւններու աւարտէն աւելի քան հարիւր օր անց, հայ ռազմագերիները Պաքուի կողմէն ապօրինի կերպով կը պահուին եւ բացայայտ բռնութեան կ’ենթարկուին։

«Սա միջազգային իրաւունքի խախտում է, ինչի մասին, ի տարբերութիւն նախորդ վարչակազմին, մենք պէտք է բարձրաձայնենք», – ամերիկեան Ծերակոյտին մէջ յայտարարած է Արտաքին յարաբերութիւններու յանձնաժողովի նախագահը։

Լեռնային Ղարաբաղի պատերազմական գործողութիւններու աւարտէն աւելի քան երեք ամիս անց, հայկական կողմի տուեալներով` Ատրպէյճանի տարածքը շուրջ 200 հայ ռազմագերի կը պահուի։ Մինչ այժմ Հայաստան վերադարձուած է 69 գերի։ Անցեալ ամիս, մինչդեռ, Ատրպէյճանի նախագահ՝ Իլհամ Ալիեւ յայտարարած էր, թէ Պաքուն վերադարձուցած է հայազգի քաղաքացիները, որոնք գերեվարուած էին պատերազմի ընթացքին, եւ Ատրպէյճան կը պահուին միայն «ահաբեկիչներն ու ներթափանցողները»։

Նոյեմբեր 9-ին Հայաստանի, Ատրպէյճանի եւ Ռուսաստանի միջեւ ստորագրուած յայտարարութեամբ Երեւանն ու Պաքուն պարտաւորուած են «բոլորը բոլորի դիմաց» սկզբունքով վերադարձնել բոլոր գերիները, պատանդները եւ այլ պահուող անձերը:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment