Home ԱՐՈՒԵՍՏ - ՄՇԱԿՈՅԹ Հայաստան Այս Տարի Չի Մասնակցիր «Եւրատեսիլ» Երգի Մրցոյթին

Հայաստան Այս Տարի Չի Մասնակցիր «Եւրատեսիլ» Երգի Մրցոյթին

by MassisPost

Հայաստան այս տարի չի մասնակցիր «Եւրատեսիլ» երգի միջազգային մրցոյթին, յայտարարած է Հանրային հեռուստաընկերութիւնը՝ նշելով, որ որոշումը կայացուած է «համապարփակ քննարկումներէն եւ բանակցութիւններէն» յետոյ։

«Տեղի ունեցած իրադարձութիւնները, ժամանակի սղութիւնը եւ այլ առարկայական հանգամանքներ անհամադրելի են երգի մրցոյթում Հայաստանի պատշաճ ներկայացման հետ»,- ըսուած է յայտարարութեան մէջ։

Մրցոյթը այս տարի նախատեսուած է Մայիսին՝ Ռոթըրտամ քաղաքը։ Հայաստանը «Եւրատեսիլ»-ին կը մասնակցէր 2006 թուականէն։ Մրցոյթին, Հայաստանը առաջին ներկայացնողը եղած է Անտրէն։

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment