Home ՀԱՅԱՍՏԱՆ Զարուհի Փոստանջեանի Նկատմամբ Յարուցուած Է Քրէական Գործ` Սուտ Մատնութիւն Կատարելու Դէպքի Առթիւ

Զարուհի Փոստանջեանի Նկատմամբ Յարուցուած Է Քրէական Գործ` Սուտ Մատնութիւն Կատարելու Դէպքի Առթիւ

by MassisPost

«Երկիր ծիրանի» կուսակցութեան նախագահ՝ Զարուհի Փոստանջեան վարչապետի եւ իր տիկնոջ վերաբերեալ կատարած յայտարարութիւններուն առթիւ, Յատուկ քննչական ծառայութիւն հրաւիրուած է նիւթերու նախապատրաստման ծիրէն ներս յանցագործութեան մասին հաղորդում ներկայացնելու եւ բացատրութիւններ տալու: Այս մասին կը յայտնէ ՅՔԾ-ը:

Փոստանջեան աւելի վաղ յայտարարած էր, որ Նիկոլ Փաշինեան եւ իր կինը երազած են յանձնել հողերը, վերջիններս այդ մասին 2008 թուականին գրած են, հաւաքագրուած են անոր ներքոյ եւ գործարքը ընելու վերաբերեալ գումարներ ստացած են:

Զարուհի Փոստանջեան, ներկայանալով վարոյթը կատարող մարմին, ըստ ՅՔԾ-ի, շարունակած է պնդումներ կատարել վարչապետի եւ իր կնոջ կողմէ յանցանք կատարելու վերաբերեալ` հրաժարելով, սակայն, յանցագործութեան մասին գրաւոր հաղորդում եւ բացատրութիւններ ներկայացնելէ:

Որպէս արդիւնք՝ Յատուկ քննչական ծառայութիւն նախապատրաստուած նիւթերով, հերքուած են Զարուհի Փոստանջեանի յայտնած վերոնշեալ տեղեկութիւնները, Փետրուար 15-ին որոշում կայացուած է նախապատրաստուած նիւթերով քրէական գործ յարուցելը մերժելու մասին` յանցադէպի բացակայութեան հիմքով:

Իրաւապահ կառոյցը հաղորդած է, որ նկատի ունենալով, որ Զարուհի Փոստանջեանի արարքին մէջ առերեւոյթ առկայ են սուտ մատնութեան յատկանիշներ, որ զուգորդուած է առանձնապէս ծանր յանցագործութեան մէջ մեղադրելով, նոյն օրը Յատուկ քննչական ծառայութեան քննիչի որոշմամբ քրէական օրէնսգրքի 333-րդ յօդուածի 2-րդ մասի 1-ին կէտով (սուտ մատնութիւն, որ զուգորդուած է ծանր կամ առանձնապէս ծանր յանցագործութեան մէջ մեղադրելով) յարուցուած է քրէական գործ, որ ուղարկուած է գլխաւոր դատախազութիւն` քննչական ենթակայութեան հարցը որոշելու նպատակով:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment