Home ՀԱՅԱՍՏԱՆԱՐՑԱԽ ՍԴՀԿ Կեդրոնական Վարչութեան Յայտարարութիւնը Ներկայ Քաղաքական Իրավիճակի Կապակցութեամբ

ՍԴՀԿ Կեդրոնական Վարչութեան Յայտարարութիւնը Ներկայ Քաղաքական Իրավիճակի Կապակցութեամբ

by MassisPost

ՍԴ Հնչակեան կուսակցութեան Կեդրոնական վարչութիւնը իր խոր մտահոգութիւնը կ’արձանագրէ Հայաստանի մէջ ստեղծուած ներքաղաքական իրավիճակի կապակցութեամբ:

Եռակողմ համաձայնութեան ստորագրումէն աւելի քան երեք շաբաթ անց, չեն դադրիր երկիրը ապակայունացնող եւ հասարակութեան մօտ ատելութիւն, խուճապ ու յուսահատութիւն սերմանող կոչերն ու յայտարարութիւնները: Աւելին, ընդդիմադիր ուժերը, լուծումներ առաջարկելու փոխարէն՝ դիտաւորեալ ու շեշտուած կերպով կ’օգտագործեն նախկին իշխանութեան ծառայող մամուլն ու խորհրդարանի ամպիոնը՝ երկրին մէջ անիշխանութեան ու քաոսի թիւր երեւոյթ ստեղծելու նպատակով:

Ճակատագրական այս պահուն, երբ բառացիօրէն կը գծուին Հայաստանի եւ Արցախի  սահմանները, երբ ունինք ռազմագերիներու եւ անհետ կորածներու անյետաձգելի հարց, գաղթականներու հարց եւ երբ երկրին մէջ կը մոլեգնի «Քորոնա» ժահրը՝ խլելով օրական տասնեակ կեանքեր, կը թուիր, թէ Հայաստանի պետական շահը վեր դասելով հատուածական շահերէն, համախմբում տեղի պիտի ունենար պետականութեան շուրջ այդ հրատապ խնդիրները լուծելու հրամայականով, այլ ոչ թէ հերթական պատեհ առիթ՝ օրինական իշխանութեան հեռացման պահանջի:

Հասկնալի է, որ պարտութիւնը առաջացուցած է շատ ծանր բարոյահոգեբանական վիճակ համայն հայութեան մօտ եւ ինչպէս բոլորը, Հնչակեան կուսակցութիւնը եւս բազմաթիւ հարցադրումներ ունի ներկայ իշխանութեան՝ պատերազմի ամբողջ ընթացքի մասին, սակայն հաստատապէս համոզուած ենք, որ հիմա չէ այդ պահը: Աւելին, այս ճգնաժամային ժամանակահատուածին, երբ բոլորիս ջանքերն ու ուշադրութիւնը պիտի բացառապէս ուղղուած ըլլան առկայ անյետաձգելի հարցերու լուծման, անտեղի եւ անիմաստ կը համարենք ստեղծուած իրավիճակի համար մեղաւորներ, անմեղներ ու դաւաճաններ փնտռելու հանրային բանավէճը, որ անշուշտ պէտք է կայանայ, սակայն միայն այն ժամանակ, երբ անկախ ու անաչառ հետաքննութեան արդիւնքով հանրութիւնը իրազեկ կը դառնայ փաստերուն ու ամբողջական պատկերին:

Միւս կողմէ, անառարկելի փաստ է, որ ստորագրուած համաձայնութիւնը բեկանման կամ բարեփոխման ենթակայ չէ եւ գործընթացը առաջ կը շարժի սրընթաց, անկախ մեր ցանկութենէն կամ ոմանց կողմէ հանրութեան մատուցուող սին խոստումներէն: Հետեւաբար, մեզի ուրիշ ելք չի մնար քան գտնել մեր մէջ ուժ եւ խոհեմութիւն, այս ծանր ձախողութենէն նոր հնարաւորութիւն կերտելու, որ անհնար է առանց միաբանութեան: Ուստի, կոչ կ’ընենք բոլոր քաղաքական ուժերուն, անկախ ներկայ իշխանութեան նկատմամբ ունեցած վերաբերմունքէն կամ տարակարծութիւններէն՝ համագործակցութեան ձեռք մեկնել անոր, իսկ իշխանութեան կը յորդորենք՝ համախոհութեան մթնոլորտ ստեղծելուն միտուած գործնական քայլեր ձեռնարկել, որպէսզի միասնական ջանքերով յաղթահարենք այս դժուարագոյն հանգրուանը:

Ս.Դ.Հ.Կ Կեդրոնական Վարչութիւն
30 Նոյեմբեր, 2020

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment