Home ՀԱՅԱՍՏԱՆ Վարչապետը Հանդիպումներու Շարք Սկսած Է Գործարար Դաշտի Ներկայացուցիչներուն Հետ

Վարչապետը Հանդիպումներու Շարք Սկսած Է Գործարար Դաշտի Ներկայացուցիչներուն Հետ

by MassisPost

Վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան հանդիպումներու շարք մը սկսած է գործարար դաշտի ներկայացուցիչներուն հետ, Հայաստանի տնտեսական աշխուժութեան եւ ներդրումային միջավայրի վերականգման հարցեր քննարկելու համար, կը յայտնեն կառավարութենէն:

Այսօր՝ Նոյեմբեր 23-ին, վարչապետը հանդիպած է Արդիւնաբերողներու եւ գործարարներու միութեան նախագահ՝ Արսէն Ղազարեանի, «ՍԻԼ քոնցեռն» ընկերութեան հիմնադիր՝ Խաչատուր Սուքիասեանի, «Ալեքս հոլտինկ» ընկերութեան հիմնադիր՝ Սամուէլ Ալեքսանեանի, «Սովրանօ» ընկերութեան սեփականատէր՝ Արման Սահակեանի, «Սփայքա» ընկերութեան սեփականատէր Դաւիթ Ղազարեանի, «Մենիւ էյէմ» ընկերութեան հիմնադիր Վահան Քերոբեանի հետ:

Քննարկման առանցքին եղած է կառավարութիւն-գործարար միջավայր կապի ամրապնդումը, ներդրումային ծրագրերու շարունակականութեան ապահովումը եւ տնտեսական լաւատեսութեան վերականգնումը: Ձեռք բերուած են յստակ պայմանաւորուածութիւններ:

Գործարար համայնքի ներկայացուցիչներու հետ հանդիպումները կը կրեն շարունակական բնոյթ:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment