Home ԳԱՂՈՒԹԱՅԻՆ Հնչակեան Կուսակցութեան Այցը Հայաստանի Աւագ Հիւպատոս՝ Արմէն Բայբուրդեանին

Հնչակեան Կուսակցութեան Այցը Հայաստանի Աւագ Հիւպատոս՝ Արմէն Բայբուրդեանին

by MassisPost

Երկուշաբթի, Նոյեմբերի 16-ի, Սոցիալ Դեմոկրատ Հնչակեան Կուսակցութեան Արեւմտեան Ամերիկայի շրջանը ներկայացնող պատուիրակութիւն մը հանդիպում մը ունեցաւ Լոս Անճելըսի մէջ Հայաստանի աւագ հիւպատոս-դեսպան Արմէն Բայբուրդեանի հետ:

Հնչակեան պատուիրակութիւնը կը գլխաւորէր ատենապետ ընկեր Վազգէն Խոտանեան, մասնակցութեամբ` փոխ ատենապետ ընկ. Գ. Մոլոյեանի, արտաքին յարաբերութիւններու դիւանապետ ընկ. Մ. Խաչատուրեանի եւ  ընկ. Ռ. Մուղալեանի:

Սոյն հանդիպման սկիզբը ընկ. Վազգէն Խոտանեան ՍԴՀԿ-ի ԱՄՆի բոլոր շրջաններու եւ կառոյցներու անունով իր վշտակցութիւնները յայտնեց Արցախի գոյամարտի ընթացքին զոհուած ազատամարտիկներու ընտանիքներուն եւ բոլոր հարազատներուն:

Զրոյցի ընթացքին անդրադարձ եղաւ Արցախի հերոսամարտի տարբեր հանգրուաններուն, զինադադարին, զանգուածային արտագաղթին եւ տուն վերադարձողներուն, ինչպէս նաեւ փախստականներու կարգավիճակին մասին, որ ներկայիս կ’անցնի ճգնաժամային վիճակներէ:

Անդրադարձ եղաւ նաեւ Հայաստանի ներքին իրավիճակին ու կարեւոր նկատուեցաւ ներքին կայունութեան պահպանումը:

Խորհրդակցութեան նիւթ դարձաւ նաեւ «Հայաստան» Համահայկական Հիմնադրամի կազմակերպած այս տարուան թելեթոնը եւ շեշտուեցաւ անոր մասնակցելու կարեւորութիւնը, նկատի առնելով այն մեծ ծրագիրները, որոնք նախատեսուած են հասնելու համար Արցախի ժողովուրդի կարիքներուն:

Յարգելի հիւպատոսը տեղեկացուց որ, Լաս Վեկասի մէջ կը նախատեսուի որ քաղաքը ընդգրկող գաւառի իշխանութիւնները պաշտօնապէս ճանչնան Արցախի անկախութիւնը:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment