Home ԳԼԽԱՒՈՐ ԼՈՒՐԵՐ Հայաստանի Հետ Յարաբերութեանց Մէջ Որեւէ Առանձնայատկութիւններ Չկան.Նախագահ Փութին

Հայաստանի Հետ Յարաբերութեանց Մէջ Որեւէ Առանձնայատկութիւններ Չկան.Նախագահ Փութին

by MassisPost

Ռուսաստանի նախագահ՝ Վլատիմիր Փութին որեւէ առանձնայատկութիւններ Հայաստանի հետ իրենց փոխյարաբերութիւններուն վերջին ժամանակաշրջանին, ներառեալ վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի կառավարման շրջանին, չի նկատեր: Այդ մասին Ռուսաստանի նախագահը յայտարարեց երէկ՝ Նոյեմբեր 17-ին “Ռուսիա-24” հեռատեսիլային կայանին տուած հարցազրոյցի ընթացքին, պատասխանելով Ռուսաստանի նկատմամբ «մեղմ ասած բաւականին իւրօրինակ» դիրքորոշման համար Հայաստանի ղեկավարութեան ուղղուող մեղադրանքներու վերաբերեալ հարցին:

«Չեմ հասկնար, թէ ինչը նկատի կ’առնուի: Ես ինչ որ առանձնայատկութիւններ Հայաստանի հետ մեր փոխյարաբերութիւններուն մէջ վերջին ժամանակաշրջանին, ներառեալ այն շրջանին, երբ Նիկոլ Փաշինեան եղած է իշխանութեան, չեմ նկատեր», – ըսաւ Փութինը՝ շարունակելով. – «Այո, ես արդէն ըսած եմ՝ կիրառելի այսօրուայ նկատմամբ, ինչպէս եւ մինչ այդ քանի մը տարիներու իրավիճակի, համարած եմ եւ կը համարեմ, որ երկիրը, որ կը գտնուի բաւական բարդ վիճակի մէջ, մարտական գործողութիւններու շեմին, չի կրնար ինք իրեն թոյլ տալ ներքաղաքական կեանքի եւ իշխանութեան կազմակերպման փողոցներու օգնութեամբ: Այդ լաւ բանի չի յանգիր, հասարակութեան պառակտումը ոչ մէկ լաւ բան կը բերէ, պէտք է համախմբել հասարակութիւնը, այլ ոչ թէ պառակտել»:

«Բայց իմ այս դիրքորոշումը բոլորը գիտեն, ես այդ մասին բաց կը խօսիմ, այժմ ալ չեմ քաշուիր, եւ հրապարակայնօրէն կը խօսիմ այդ մասին, սակայն այդ ոչ մէկ ձեւով կ’ազդէ մեր յարաբերութիւններուն վրայ: Այո, ես լաւ յարաբերութիւններ ունեցած եմ նախկին ղեկավարութեան հետ, այդ ես չեմ պահած, չեմ թաքցրած այդ յարաբերութիւնները, սակայն այդ ոչ մէկ կերպով անդրադարձած է մեր միջպետական կապերուն  վրայ, որովհետեւ, նախ եւ առաջ, մեր անձնական յարաբերութիւններն ալ բաւականին վստահելի եւ կառուցողական ձեւաւորուած են, այդ պատճառով այդ ակնարկները ինձ այնքան ալ հասկնալի չեն, այդ՝ առաջինը», – նշեց Ռուսաստանի նախագահը շարունակելով. – «Եւ երկրորդը՝ շատ կարեւորը՝ բացի անձերէն, որոնք որոշակի վստահութիւն կը վայելեն սեփական երկրին մէջ, կայ այդ երկրի ժողովուրդը, եւ եթէ դուք կը խօսիք հայ ժողովուրդի մասին՝ Ռուսաստանին եւ հայերուն կը կապեն բազմադարեայ յարաբերութիւնները, որոնց արմատները կը հասնին հեռու-հեռաւոր անցեալ, մեր յարաբերութիւններուն հիմքը մշակութային, կրօնական մերձաւորութիւնն է, շատ պատմական բան կը կապէ մեզի, եւ այդ նոյնիսկ աւելի կարեւոր է, քան յստակ մարդոց միջեւ յարաբերութիւնները»:

«Մենք կը յիշենք այդ մասին, երբեք չենք մոռնար, եւ այդ Հայաստանի հետ մեր փոխգործողութեան հիմքն է», – ամփոփեց Փութին:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment