Home ՀԱՅԱՍՏԱՆԱՐՑԱԽ Դաւիթ Տօնոյեան. Տապալման Առումով Ալիեւը Երեւի Թէ Ինքն Իր Մասին Կը Խօսի

Դաւիթ Տօնոյեան. Տապալման Առումով Ալիեւը Երեւի Թէ Ինքն Իր Մասին Կը Խօսի

by MassisPost

Արձագանգելով Ատրպէյճանի նախագահի յայտարարութեան, թէ «ղարաբաղեան հակամարտութեան կարգաւորման հարցով բանակցութիւններու տապալման մեղաւորը Հայաստանի ղեկավարութիւնն է», Հայաստանի պաշտպանութեան նախարար՝ Դաւիթ Տօնոյեան ըսաւ, որ Իլհամ Ալիեւը բանակցութիւնները տապալելու գործով ինքզինք մեղադրելու փոխարէն մեղադրած է հայկական կողմը. – «Երեւի թէ ինքն իր մասին է խօսում տապալման առումով»:

«Հայաստանի Հանրապետութեան նկատմամբ ուժի տեսանկիւնից եւ իրենց համար անյաղթահարելի պահանջներ դնելը բանակցային գործընթացից առաջ, անընդունելի է», – աւելցուց Տօնոյեան:

Սեպտեմբեր 19-ին, տեղական հեռուսաընկերութիւններուն տուած հարցազրոյցի ընթացքին, Ատրպէյճանի նախագահը նաեւ բացասական գնահատած էր Ղարաբաղի հարցով բանակցութիւններու ներկայ վիճակը. – «Ես ըսած եմ, որ մենք չենք մասնակցիր բանակցութիւններուն յանուն տեսանելիութեան: Այդ չի նշանակեր, որ մենք կը հրաժարինք բանակցութիւններէ, այդ կը նշանակէ, որ մենք չենք ցանկար դառնալ Հայաստանի խորամանկ քաղաքականութեան մասնակիցը»:

«Եթէ Հայաստանի վարչապետը կը կարծէ, որ Ղարաբաղը Հայաստան է, այդ պարագային ի՞նչ խաղաղ համաձայնագիրի մասին կարելի է խօսիլ», – նաեւ յայտարարած է Ալիեւը:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment