Home ԳԼԽԱՒՈՐ ԼՈՒՐԵՐ ԱԱԾ Տնօրէն. «Տոսիէ»-Ի Հրապարակման Համապատասխան Իրաւական Ընթացք Պիտի Տանք

ԱԱԾ Տնօրէն. «Տոսիէ»-Ի Հրապարակման Համապատասխան Իրաւական Ընթացք Պիտի Տանք

by MassisPost

Ազգային անվտանգութեան ծառայութիւնը (ԱԱԾ) քրէաիրաւական գնահատական պիտի տայ Հայաստանի պետական համակարգին մէջ գործող ռուսական գործակալներու մասին «Տոսիէ» կեդրոնի՝ նախօրէին հրապարակած հետաքննութեան, յայտարարեց ԱԱԾ տնօրէն Արգիշտի Քեարամեանը։

«Այդ հրապարակումը դիտարկում ենք որպէս յանցագործութեան մասին հաղորդում եւ համապատասխան իրաւական ընթացք ենք տալիս», – ըսաւ ան։ Քրէական գործ յարուցուա՞ծ է, թէ՞ ոչ, ԱԱԾ տնօրէնը բացասական պատասխան տուաւ. – «Այս պահին ուսումնասիրուում է»։ Քեարամեան անպատասխան թողեց «Ազատութիւն»ի հարցը, թէ արդեօք Ազգային անվտանգութեան ծառայութեան մէջ մինչ հետաքննութիւնը որեւէ տեղեկութիւն ունեցած են պետական համակարգի մէջ գործող ռուսական գործակալներու մասին:

Քեարամեանին լրագրողները նաեւ հարցուցին՝ արդեօք ԱԱԾ-ի մէջ խորհրդային Պետական անվտանգութեան կոմիտէի (ԿԳԲ) շարքերէն ներս աշխատած անձերու անուններու բացայայտում պիտի ըլլայ։ «Ազգային անվտանգութեան ծառայութիւնում կան բազմաթիւ պատուախնդիր սպաներ, ովքեր իրենց աշխատանքը կատարում են ի բարօրութիւն Հայաստան աշխարհի, եւ բնականաբար, ինչպէս բոլոր մնացած կառոյցներում, այդ թուում նաեւ Ազգային անվտանգութեան ծառայութիւնում կան անձինք, ովքեր բնականոն  գործընթացի ընթացքում պէտք է լքեն Ազգային անվտանգութեան ծառայութեան շարքերը։ Այդ գործընթացը սկսուել է, ես կ’ուզենայի, որ նաեւ ճիշդ ընկալուի իմ ասածը: Դա բնականոն գործընթաց է, մարդիկ գալիս են, մարդիկ գնում են», – ըսաւ տնօրէնը:

«Տոսիէ» կեդրոնի հետաքննութեան համաձայն՝ Հայաստանի գրեթէ բոլոր պետական կառոյցներէն, ինչպէս նաեւ հասարակական կազմակերպութիւններէն ներս կան ռուսական գործակալներ։ Հետաքննութեան մէջ յիշատակուած են նաեւ Հայաստանի երկրորդ նախագահ՝ Ռոպերթ Քոչարեանի, «Բարգաւաճ Հայաստան» կուսակցութեան (ԲՀԿ) ղեկավար՝ Գագիկ Ծառուկեանի, ինչպէս նաեւ ԱԱԾ նախկին ղեկավարներու անունները։ Հրապարակման մէջ ըսուած է, որ Ռուսաստանի բարեկամ-գործակալները քօղազրկուելու ու բացայայտուելու վախ չունին, քանի որ Հայաստանի ազգային անվտանգութեան ծառայութիւնը վաղուց յայտնի է որպէս ռուսականի` Լիւպլեանքայի մասնաճիւղ։

Շուրջ 4 ամիս ԱԱԾ-ը ղեկավարող՝ Արգիշտի Քեարամեան, անդրադարձաւ նաեւ ԱԱԾ-ի նախկին տնօրէն Արթուր Վանեցեանի այն յայտարարութեան, թէ իր նշանակումը Ազգային անվտանգութեան համար իրական սպառնալիք Է։ Ի դէպ, «Տոսիէ»-ի հետաքննութեան մէջ Վանեցեանի անունը շօշափուած էր որպէս Մոսկուայի ազդեցիկ ռուսաստանցի գործարարներու հետ յաճախակի հանդիպող անձ. – «Արթուր Վանեցեան առաջին հերթին պէտք է մտածէ այն հարցի շուրջ, որ իր՝ ԱԱԾ տնօրէն եղած ժամանակահատուածում Ազգային անվտանգութեան ծառայութեան, Յատուկ քննչական ծառայութեան եւ վարչապետի հեռախօսազրոյցները գաղտնալսած են»։

Ուշագրաւ է, որ Հայաստանի մէջ գործող օտար երկրացի գործակալներու վերաբերեալ, անցեալ տարի փետրուարին, պաշտօնական այցով Իրան գտնուող վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան ակնարկած էր իրանահայերու հետ հանդիպման ընթացքին. – «Մենք` որպէս ժողովուրդ, այլեւս հասունացել ենք` ունենալու հզօր պետութիւն, ունենալու հզօր ինքնութիւն, ունենալու անսասան միասնութիւն եւ տուրք չտալու օտարամոլութեանը, թոյլ չտալու, որ Հայաստանի Հանրապետութիւնում գործեն քաղաքական գործիչներ, որոնք աւելի շատ օտարերկրեայ գործակալներ են, քան իրենց սեփական երկրի քաղաքացիներ»:

ԱԱԾ-ի տնօրէն Արգիշտի Քեարամեան անդրադարձաւ նաեւ ԲՀԿ-ին առնչուող ընտրակաշառք տալու վերաբերեալ քրէական գործերուն, որմով գլխաւոր մեղադրեալը կուսակցութեան առաջնորդ՝ Գագիկ Ծառուկեանն է: Ըստ Քեարամեանի` ԱԱԾ-ի կողմէ քննուող գործը շատ մեծ ծաւալներու կը հասնի, կան քանի մը տասնեակ մեղադրեալներ, ան ըսաւ, որ առաջիկային հնարաւոր է քրէական գործը ուղարկուի դատարան. – «Այդպիսի քրէական գործերի առանձնայատկութիւնը հետեւեալն է` անընդհատ քրէական գործից նոր քրէական գործեր են յարուցուում, նոր դրուագներ, որոնք լրացուցիչ քննութեան առարկայ են դարձուում»:

Ծառուկեանի առնչութեամբ ընտրակաշառք բաժնելու վերաբերեալ նոր քրէական գործ յարուցուած էր անցեալ շաբաթ։ Գլխաւոր դատախազութիւնը զայն ուղարկած էր ԱԱԾ` նախորդ քրէական գործին միացնելու համար։

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment