Home ԳԼԽԱՒՈՐ ԼՈՒՐԵՐ Վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան Ներկայացուցած է Հայաստանի Վերափոխման՝ Մինչեւ 2050 Թուականի Ռազմավարութիւնը

Վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան Ներկայացուցած է Հայաստանի Վերափոխման՝ Մինչեւ 2050 Թուականի Ռազմավարութիւնը

by MassisPost

Վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան այսօր՝ Հայաստանի Անկախութեան 29-րդ տարեդարձի միջոցառումներու ծիրէն ներս, ներկայացուցած է Հայաստանի վերափոխման՝ մինչեւ 2050 թուականի ռազմավարութիւնը։ Միջոցառումը տեղի  ունեցած է Մեսրոպ Մաշտոցի անուան Մատենադարանի շէնքը, մասնակցած են  կառավարութեան անդամներ, ուսանողներ եւ աշակերտներ։

Բացման խօսքին մէջ վարչապետ Փաշինեան նշած է.

«Նախ թոյլ տուէք շնորհաւորել բոլորիս եւս մէկ անգամ՝ Հայաստանի Անկախութեան 29-րդ տարեդարձի առիթով:

Ցանկանում եմ ընդգծել, որ օգտուելով կառավարութեան որոշման ընձեռած հնարաւորութիւնից եւ հաշուի առնելով այսօրուայ մեր ներկայացման բացառիկ բնոյթը՝ ես այսօր ինձ թոյլ եմ տալիս առանց դիմակի ելոյթ ունենալ՝ միեւնոյն ժամանակ մեզ բոլորիս յիշեցնելով հակահամաճարակային կանոնները պահպանելու անհրաժեշտութիւնը:

Եւ, այսպէս, ես ներկայացնում եմ Հայաստանի վերափոխման մինչեւ 2050 թուականի ռազմավարութիւնը:

armenia-2050-2

Նախ, ինչո՞ւ է անհրաժեշտ ունենալ այսպիսի ռազմավարութիւն: Ես այս հարցին կը փորձեմ պատասխանել այսօրուայ տեսակէտից, եւ եկէք այսօրուայ իրականութեանը նայենք 30 տարի առաջուայ աչքերով։ Արդեօք մենք այն ժամանակ մենք մեր մտապատկերում կամ մեր օրակարգում ձեւաւորե՞լ ենք, ձեւակերպե՞լ ենք միտք, թէ ինչպիսին ենք մենք պատկերացնում Հայաստանի Հանրապետութիւնը 2020 թուականին: Ցաւօք, պիտի արձանագրեմ, որ մեր իրականութեան մէջ, առնուազն պետական մակարդակում, առնուազն 30 տարուայ կտրուածքով այդպիսի ռազմավարութիւն չի եղել, եւ սա գուցէ նաեւ պայմանաւորում է մեր այսօրուայ բազմաթիւ խնդիրները»:

Վարչապետը անդրադարձած է ռազմավարութեան կառուցուածքին՝ խօսելով գաղափարի, տեսլականի եւ գործողութեան մասին։ «Շատ կարեւոր է արձանագրել՝ քաղաքական շահարկումներից զերծ մնալու համար. կարող է հարց ծագել, թէ ինչու է այս կառավարութիւնը ներկայացնում մինչեւ 2050 թուականի ռազմավարութիւն։ Որովհետեւ մենք Հայաստանի վերափոխման ռազմավարութիւնը ընկալում ենք ոչ միայն որեւէ կառավարութեան գործողութիւն, այլեւ Հայաստանի վերափոխման ռազմավարութեան մշակումը եւ իրագործումը պատկերացնում ենք որպէս համազգային շարժում, որտեղ շատ կարեւոր դեր ունի պետական առաջնորդութիւնը, որտեղ պէտք է ներգրաւուեն մասնագիտական շրջանակներ, եւ, ի հարկէ, այս ռազմավարութիւնը պէտք է ժողովուրդն իրենը համարի»։ Նիկոլ Փաշինեան նշած է, որ այս ռազմավարութիւնը ոչ միայն բարեփոխումներու, այլեւ փոխակերպումներու մասին է, որոնք տեղի պէտք է ունենան հանրային կեանքի բոլոր տիպի յարաբերութիւններուն մէջ, եւ որոնց հետեւանքով կը կարողանանք հասնիլ թռիչքաձեւ զարգացման։ Ընդ որում՝ այնպէս չէ, որ ռազմավարութիւնը մինչեւ 2050 թուական պէտք է ճշգրիտ մնայ, այլ կառավարութիւնը կ’ակնկալէ անոր շուրջ քննարկման ծաւալում, որ կրնայ ժողովուրդի որոշումով, անոնց կարգին՝ ընտրութիւններու արդիւնքներու արտայայտմամբ որոշակի վերափոխումներ ապրիլ։

armenia-2050-3

Ռազմավարութեան գաղափարական հենքի առումով վարչապետը նշած է, որ այս փոփոխութիւները հիմնուած են մեր ազգային արժէքներու, ազգային նպատակներու, հանրային պահանջարկի վրայ եւ շատ կարեւոր է հասկնալ՝ ո՞րն է այս վերափոխման վերջնական նպատակը, ի՞նչ խնդիր կը դնենք մեր առաջ։ Ի հարկէ, ամենակարեւոր գաղափարական հենքը վերջերս ընդունուած Ազգային անվտանգութեան ռազմավարութիւնն է, որու առաջաբանը մենք արձանագրած ենք, թէ որոնք են մեր ազգային արժէքները, բայց մինչեւ 2050 թուականի ռազմավարութեան տեսանկիւնէն առանձնացուցած ենք 4 առաջնորդող արժէքներ՝ Հայոց պետականութիւն, Կրթութիւն,  Անհատ եւ Աշխատանք։

Վարչապետի խօսքով՝ ռազմավարութեան հանրային պահանջարկը կը ձեւակերպուի հետեւեալ կերպ: Մենք կը ցանկանք ապրիլ երջանիկ՝ մեր կենսական շահերու կեդրոն Հայաստանի մէջ, որ կ’ըլլայ անվտանգ, արդար, ազատ, արժանապատիւ եւ առաջադէմ, զանգուածային վերափոխման նպատակը կ’արտայայտուի «Վերափոխենք միլիոնաւոր հայրենակիցների եւ օտարերկրացիների վերաբերմունքը Հայաստանի հանդէպ» գաղափարի ներքոյ։ Իսկ ռազմավարութեան գաղափարախօսութիւնը կ’ամփոփուի «Հայաստանն իմ օճախն է, ժողովուրդն իմ ընտանիքն է», «Կառուցենք Հայաստանը նորովի», եւ «Հայաստանի ապագան կախուած է մէկ մարդուց, եւ այդ մէկ մարդը դու ես» 3 առաջնորդող կարգախօսներով։

Նիկոլ Փաշինեան եւս մէկ անգամ կարեւորած է Հայաստանի վերափոխման շուրջ համազգային շարժման ձեւաւորումը։ «Մենք առաջիկայում Հայաստան 2050 կայք կ’ունենանք, որը կը դառնայ նաեւ աշխատանքային հարթակ քննարկումների, առաջարկների, քննադատութիւնների համար։  Երբ մտնում էինք 2020 թուական, ես ասեցի, որ այլեւս մենք անցնում ենք ռազմավարական կառավարման։ Ընդ որում, այս ներկայացումը ծարագրում էինք անել ապրիլին՝ Քաղաքացու օրը, բայց յայտնի պատճառներով այն յետաձգուեց։ Հիմա մենք ռազմավարական կառավարում պէտք է իրականացնենք մեր ամենօրեայ աշխատանքով, եւ որեւէ պետական մարմնի որեւէ որոշում պէտք է տրամաբանական եւ գործնական կապ ունենայ այս ռազմավարութեան հետ», – եզրափակած է վարչապետը։

Նիկոլ Փաշինեան նաեւ պատասխանած է շնորհանդէսի մասնակիցներու հարցերուն։

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment