Home ՀԱՅԱՍՏԱՆ Հայաստանի Զբօսաշրջութեան Ոլորտը Յայտնուած է Շատ Ծանր Վիճակի Մէջ

Հայաստանի Զբօսաշրջութեան Ոլորտը Յայտնուած է Շատ Ծանր Վիճակի Մէջ

by MassisPost

Զբօսաշրջութեան կոմիտէի ներկայացուցած տուեալներով, այս տարուայ առաջին երեք ամիսներուն, անցեալ տարուայ նոյն ժամանակահատուածին համեմատ, Հայաստան այցելած զբօսաշրջիկներուն թիւը պակսած է 175 հազարով։

Նշենք, այդուհանդերձ, որ տարուայ առաջին ամիսները աւանդաբար կը համարուին, զբօսաշրջութեան տեսանկիւնէ, անբարենպաստ ամիսներ, իսկ շրջագայութեան ընկերութիւններն ու հիւրանոցները զբօսաշրջութեան ժամանակաշրջանի  մեկնարկը կ’ընեն ապրիլին։

«Փիքնիք» հիւրանոցային ցանցի համահիմնադիր Արտաշէս Մելքումեան «Ազատութեան» հետ զրոյցի ընթացքին ըսաւ․ – «Էս պիզնէսի վատը էն ա, որ չես կարա ձեւափոխես իրան, համացանցային  իրական թուրիզմ չկայ․․․»

Հետեւաբար ստիպուած են պարզապէս սպասել, թէ վերջապէս երբ կը նահանջէ նոր «Քորոնա» ժահրը, կը վերականգնուի օդային երթեւեկութիւնը։

Ըստ Մելքումեանին, սպասելը աւելի հեշտ կ’ըլլար, եթէ չունենային նիւթական հսկայական պարտաւորութիւններ, վարկերէն մինչեւ վարձակալած տարածքներու վճարումները․ – «Ձմեռը եւ աշնան վերջին, մարդիկ   վնասով են աշխատում եւ նախապատրաստուում են սեզոնին, որը սկսուում է ապրիլից եւ աւարտուում է հոկտեմբերով։ Մարդիկ այդ ընթացքում, նաեւ մենք, ներդրումներ ենք անում, որպէսզի սեզոնը ճիշդ եւ լաւ պատրաստ սկսենք։ Ձմեռուայ էդ բացերը, որոնք մենք կուտակել ենք, մենք պէտք է գարնանը եւ ամրանը փակէինք։ Հիմա չենք կարողանալու»։

Այս եւ երկրի բոլոր միւս հիւրանոցներու գրանցուած աշխատակիցները կրնան դիմել Աշխատանքի եւ սոցիալական (ընկերային) հարցերու նախարարութիւն եւ ստանալ մէկ ամսուայ նուազագոյն աշխատավարձի չափով աջակցութիւն։

Կառավարութիւնը աջակցութեան փաթեթներ մշակած է նաեւ ձեռնարկատիրութեան համար, արտօնեալ պայմաններով վարկերու, վճարումներ կատարելու, աշխատավարձեր ու հարկեր վճարելու համար։

«Մեզ մտցրել են մի փաթեթի մէջ․ հանրային սնունդն են մտցրել, փոքր ու միջին առեւտուրն են մտցրել։ Բայց հանրային սնունդը կարող է ձեւափոխել իր աշխատանքի ոճը եւ առաքի սնունդ։ Մենք ոչ մի բան չենք կարող անել։ Եւ այստեղ ես գտնում եմ, որ դա սխալ մօտեցում է։ Բացի դրանից, հիւրանոցներն էլ պէտք է տարանջատուէին մի քանի խմբի։ Եթէ  արտակարգ դրութիւնը, օրինակ, աւարտուի, Երեւանի բնակչութիւնը գնալու է Ծաղկաձորում հանգստանալու, կամ Դիլիջանում, այնտեղի հիւրանոցներին փող գնալու է։ Բայց Երեւանի կենտրոնում փոքր հիւրանոցներին ընդհանրապէս չի գալու փող»։

Արտաշէս Մելքումեանի կարծիքով, ճիշդ կ’ըլլար, եթէ փաթեթները աւելի հասցէական ըլլային․ – «Եթէ ձմեռը մենք    գումարներ ենք  ծախսեր , ներդրումներ ենք արել․․․ մարդ կայ, վարկ ա վերցրել, նոր հիւրանոցի շինարարութիւն ա անում, կիսատ ա թողնում։ Էդ մարդկանց ոչ մի օգնութիւն դեռ չկայ։ Եւ ճիշդ կը լինի, որպէսզի այս պիզնէսը չփակուի, պետութիւնը մի քիչ էլ աջակցի էդ առումով եւ ուրիշ ձեւի վարկեր տրամադրի, ազատ վարկեր, որպէսզի մարդիկ կարողանան էդ իրանց պարտքերը տան»։

Կառավարութեան դիմած էր նաեւ «Փիքնիք» հիւրանոցը, արտօնեալ վարկ ստանալու, սակայն մերժուած էին, որպէս անբարեխիղճ հարկատու, քանի որ չէին վճարած մարտ ամսուայ հարկերը։

Հիւրանոցի համահիմնադիրը տարակուսած է, մի՞թէ Կառավարութեան մէջ հաշուի չէին առած, որ եւ՛ իրենք, եւ՛ իրենց տասնեակ գործընկերները դիմած էին մարտ ամսուայ աշխատավարձերն ու հարկերը վճարելու համար։

«Քորոնա» ժահրի համաճարակի հետեւանքով ահռելի հարուածներ ստացած զբօսաշրջութեան ոլորտի մէջ աշխատող մէկ այլ գործարար, ներգնայ զբօսաշրջութեամբ զբաղող Գայեանէ Մալիշենքոն հասցուցած է հաշուել, թէ քանի գործընկերոջէ նամակ ստացած է չեղեալ այցերու առընչութեամբ․ – «Մինչեւ ապրիլի 7-ը մօտ քսան խումբ չեղարկուած արդէն ունենք»։

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment