Home ԳԼԽԱՒՈՐ ԼՈՒՐԵՐ Հայաստանի Մէջ Հաստատուած է «Քորոնա» Ժահրի 235 Դէպք

Հայաստանի Մէջ Հաստատուած է «Քորոնա» Ժահրի 235 Դէպք

by MassisPost

Հայաստան «Քորոնա» ժահրի վարակի 235 հաստատուած դէպք կայ, 23 Մարտին Հրապարակեց վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան:

Առողջապահութեան նախարարութենէն տեղեկացուցած են, որ երէկ ազգային տարրալուծարանը հետազօտութիւններ չեն եղած ախտահանման պատճառով։ Տարրալուծարանը այսօր առաւօտեան անցած է գործի:

Արձանագրուած 235 դէպքերու 75 տոկոսը Էջմիածնէն ու Շենգավիթի արտադրամասէն են:

«Էջմիածնի ճիւղի զարգացումը կարողացել ենք կանգնեցնել։ Մեզ հիմա պիտի յաջողուի կանգնեցնել, աշխատում ենք կանգնեցնել արտադրամասի ճիւղի հետագայ զարգացումը», – ըսաւ վարչապետը:

Հիւանդներու 14-ը թոքաբորբ ունին, 6-ը վերակենդանացման բաժանմունք են, բայց ըստ առողջապահութեան նախարարին ծանր վիճակ չունին:

«Նրանք գտնուում են «Նորք»  վարակաբանութեան հիւանդանոցի վերակենդանացման ծառայութեան հսկողութեան տակ, ստանում են համապատասխան բուժում, թթուածին, սակայն «ինթուպացուած» չեն, այսինքն թոքերի արհեստական շնչառութիւն նրանց չի արուում: Այս վեց քաղաքացիների առողջական վիճակն այս պահին գնահատուում է կայուն, այսինքն՝ ծանր չէ», – նշեց Թորոսեան:

Վարչապետ Փաշինեան ֆէյսպուքեան ուղիղ եթերով տեղեկացուց, որ վարակակիրներու 78 տոկոսը ընդհանրապէս տաքութիւն չունի:

«Նորք» ինֆեքցիոն հիւանդանոցը հսկողութեան տակ գտնուող վարակակիրներէն 9 հոգի 65-ը անց են, 70 տարեկանէն վեր 3 քաղաքացիներ, 80-ն անց հիւանդ չունինք։ «Սա նշանակում է՝ ամենասուր վտանգաւոր գօտուց հիւանդ չունենք», – ըսաւ Հայաստանի կառավարութեան ղեկավարը:

Վաղուընէ սկսեալ հայաստանեան մթերային խանութներու եւ սուբըրմարքէթներուն մէջ ժամեր պիտի յատկացուի կենսաթոշակային տարիքի մարդոց սպասարկելու համար․ այս մասին տեղեկացուցած է հրամանատար Տիգրան Աւինեան։ Առաւօտեան 10-12-ը տատիկ-պապիկներու ժամն է: Աւինեան երիտասարդները կը յորդորէ այդ ժամերուն գնումներու համար խանութ չմտնել։

«Մեր առողջութիւնը ձեր ձեռքերում է, մենք ապահով ենք, եթէ դուք տանն էք», – Ան նաեւ այսպիսի յայտարարութիւններ բռնած տարեցներու լուսանկարներ հրապարակած է ։

Այս պահուն գլխաւոր խնդիրը կը մնայ վարակի տարածումը կանխարգիլելը։ Առողջապահութեան նախարարութիւնը արդէն յուշաթերթիկներ պատրաստած է, եւ այսօր քաղաքացիներուն բաժնելու համար դուրս եկած էր վարչապետի տիկինը՝ որպէս կամաւոր։

«Կարծում եմ, իմ դէմքով տարածելը առաջին հերթին նաեւ կարեւոր է։ Նրա մասին է, թէ ինչ պէտք է անել այս պայմաններում, ինչպէս մեկուսանալ», – ըսած է Աննա Յակոբեան։

Ան նշեց, որ ինքնամեկուսացումէն դուրս եկած է, խանութ գացած, իր հետ գրկախառնութիւններու ու սելֆիներու փորձեր չեն եղած։ Վարչապետի տիկինը կ’ենթադրէ, որ մարդիկ ենթարկուում են հակահամաճարակային կանոններուն․ – «Գիտակցական ամենաբարձր մակարդակն է, ինչը առաջին օգնութիւնն է լինելու կառավարութեանը՝ յաղթահարելու այս ճգնաժամը։ Որովհետեւ առանց քաղաքացիների աջակցութեան, ինչ էլ անեն, ինչ էլ կազմակերպեն, յաջողութիւն չեն ունենայ»։

Յակոբեան դիմակով չէր եւ այդ առթիւ անցորդներէն մէկէն նկատողութիւն ստացաւ։ Աւելի ուշ Աննա Յակոբեանի խօսնակը պարզաբանեց, որ բացօթեայ տարածքներուն դիմակ կրելը պարտադիր չէ, եթէ հազ կամ ջերմութիւն չունին, իսկ ձեռնոցներու փոխարէն ախտահանիչ ալքոկել ունին։

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment