Home ՀԱՅԱՍՏԱՆ Ազգային Ժողովը Ընդունեց Մեկուսացման Պահանջները Խախտելու Համար Պատիժ Սահմանելու Հարցը

Ազգային Ժողովը Ընդունեց Մեկուսացման Պահանջները Խախտելու Համար Պատիժ Սահմանելու Հարցը

by MassisPost

Ազգային ժողովի արտահերթ նիստին, երկրորդ ընթերցումով քննարկման դրուեցաւ եւ 117 կողմ ձայնով ընդունուեցաւ «Հայաստանի Հանրապետութեան քրէական օրէնսգրքի մէջ լրացում կատարելու մասին» եւ «Վարչական իրաւախախտումներու վերաբերեալ ՀՀ օրէնսգրքի մէջ լրացումներ կատարելու մասին» օրէնքներու նախագիծերու փաթեթը, որ կը վերաբերի արտակարգ դրութեան պայմաններու խստացման:

20 մարտին, փաթեթը քննարկուած եւ առաջին ընթերցումով ընդունուած էր: Քրէական օրէնսգրքի լրացմամբ կ’առաջարկուի սահմանել, որ արտակարգ իրավիճակի հիմքով արտակարգ դրութեան ժամանակ, մեկուսացման կամ ինքնամեկուսացման պահանջները խախտելը, եւ որ անզգուշութեամբ յառաջացուցած է մարդոց զանգուածային հիւանդութիւն, կը պատժուի կալանքով մինչեւ 3 ամիս ժամկէտով կամ ազատազրկմամբ, առաւելագոյնը 5 տարի ժամկէտով:

Իսկ վարչական իրաւախախտումներու մասին օրէնքի լրացմամբ ալ կ’առաջարկուի սահմանել, որ արտակարգ իրավիճակի հիմքով յայտարարուած արտակարգ դրութեան ժամանակ մեկուսացման կամ ինքնամեկուսացման պահանջները խախտելու պարագային կը սահմանուի վարչական պատասխանատուութիւն` նուազագոյն աշխատավարձի 300-500  անգամի չափով: Ինչպէս նաեւ առաջարկուած է սահմանել, որ ֆիզիքական եւ իրաւաբանական մարդոց կողմէ արտակարգ դրութեան ժամանակ սահմանուած տեղեկութիւններու հրապարակման կամ տարածման սահմանափակումները խախտելը կը յառաջացնէ տուգանքի նշանակում՝ նուազագոյն աշխատավարձի 50-300  անգամի չափով:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment