Home ԳԼԽԱՒՈՐ ԼՈՒՐԵՐ Թոքիոյի Ողիմպիական Ամառնային Խաղերը Մէկ Տարիով Պիտի Յետաձգուին

Թոքիոյի Ողիմպիական Ամառնային Խաղերը Մէկ Տարիով Պիտի Յետաձգուին

by MassisPost

Թոքիոյի ողիմպիական ամառնային խաղերը «Քորոնա» ժահրի համաճարակի պատճառով մէկ տարիով պիտի յետաձգուին: Ճափոնի վարչապետ Սինձօ Ապէն լրագրողներուն ըսած է, թէ Միջազգային ողիմպիական կոմիտէի նախագահ Թոմաս Պախի հետ զրոյցի ընթացքին առաջարկած է մէկ տարիով յետաձգել Ողիմպիատան: Ըստ վարչապետին, Թոմաս Պախը 100 տոկոսով համաձայնած է:

«Խաղաղ ժամանակներու համար աննախադէպ այս որոշումը ընդունուած է` հաշուի առնելով առկայ իրավիճակը: Բոլոր կողմերը մարզիկներու եւ հանդիսատեսի համար ապահով եւ անվտանգ միջավայր կը ցանկան», – նշած է Ճափոնի վարչապետը:

Միջազգային ողիմպիական կոմիտէն յայտնած է, որ խաղերը տեղի կ’ունենան ոչ ուշ, քան 2021 թուականի ամառը, բայց կը կոչուին Թոքիոյի ողիմպիատա 2020:

«Առաջնորդները համաձայնեցան, որ Թոքիոյի ողիմպիական խաղերը աշխարհի համար կրնան յոյսի փարոս դառնալ այս անհանգիստ ժամանակներուն, եւ որ ողիմպիական կրակը կրնայ լոյս դառնալ փապուղիի վերջաւորութեան, ուր ներկայիս յայտնուած է աշխարհը: Ուստի որոշուած է, որ ողիմպիական կրակը պիտի մնայ Ճափոն», – նշուած է Միջազգային ողիմպիական կոմիտէի յայտարարութեան մէջ:

Աւանդութեան  համաձայն` Աթէնքէն` ողիմպիական մրցումներու բնօրրանը համարուող Յունաստանէն, ողիմպիական կրակը յատուկ օդանաւով բերուած է Ճափոն:

Չորս տարին անգամ մը կայացող Ողիմպիական խաղերը այս տարի Թոքիօ պէտք է տեղի ունենային 24 յուլիս – 9 oգոստոսի միջեւ, բայց աշխարհով մէկ «Քորոնա» ժահրի տարածմանը զուգահեռ, զայն յետաձգելու կոչեր կը տարածուէին : Անցեալ կիրակի Միջազգային ողիմպիական կոմիտէի նիստին, վերջնական որոշում չէր կայացած, երէկ Ճափոնի վարչապետի յայտարարութեան մէջ եւս որոշ չափով անորոշութիւն կար, մանաւանդ որ ան չէր բացառած Ողիմպիատայի յետաձգումը, իսկ 24 մարտին յստակացաւ, որ 2020-ի Ողիմպիական խաղերը կը յետաձգուին «Քորոնա» ժահրի պատճառով:

Ամբողջ աշխարհի մէջ աւելի քան 17 հազար մարդու կեանք խլած այս ժահրը խառնած է նաեւ եւրոպական ֆութպոլային ախոյեանութիւնները:

ՈՒԵՖԱ-ն (Եւրոպայի ֆութպոլի ֆետերասիոնը) պաշտօնապէս յայտարարեց, որ «Քորոնա» ժահրի պատճառով անորոշ ժամկէտով կը յետաձգէ «Չեմփիընզ լիկ»-ի եզրափակիչ հանդիպումը: Եւրոպայի ֆութպոլային ուժեղագոյն ակումբներու եզրափակիչը այս տարի նախատեսուած էր կայանալ 30 մայիսին Պոլսոյ Աթաթուրքի անուան մարզադաշտը:

Յետաձգուած են նաեւ Եւրոպայի լիկայի եւ կանանց «Չեմփիընզ լիկա»յի եզրափակիչ խաղերը: Անոնք նոյնպէս նախատեսուած էին կայացնել գալիք մայիսին: Եւրոպական ֆութպոլային ախոյեանութիւններու եզրափակիչներու յետաձգումը սպասելի էր, քանի որ դադրեցուած էին եզրափակիչ հասնելու խաղերը, յաղթողները որոշուած չէին, որպէսզի վերջաւորութեան յաղթէին ուժեղագոյն 2 ակումբները: Դեռ որոշուած չեն խաղերը վերականգնելու ժամկէտները:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment