Home ԳԱՂՈՒԹԱՅԻՆ Լոս Անճելոսի Հայութիւնը կը Պատրաստուի Նշելու Հայոց Ցեղասպանութեան 105րդ Ամեակը

Լոս Անճելոսի Հայութիւնը կը Պատրաստուի Նշելու Հայոց Ցեղասպանութեան 105րդ Ամեակը

by MassisPost

Ապրիլ 24, 2020-ին, Լոս Անճելոսի Հայ-Ամերիկեան համայնքը, միասնաբար պիտի նշէ Հայոց Ցեղասպանութեան 105րդ ամեակը, յիշատակելու համար 1,5 միլիոն նահատակները եւ արդարութիւն պահանջելու միացեալ ձայնով:

Այն կազմակերպութիւնները, որոնք աւանդաբար ծրագրած են Ապրիլ 24-ի յիշատակումը, գիտակցելով, որ միասնութեան մէջ է ուժը, համատեղուելով աշխատանք կը տանին կազմակերպելու սրբադասուած նահատակներու յիշատակումը եւ պահանջելու՝ արդարութիւն, հատուցում եւ վերականգնում: Համախմբումին մաս կը կազմեն՝ Հայոց Ցեղասպանութեան Ոգեկոչման Միացեալ Մարմինը (UACLA), Միացեալ Հայ Երիտասարդները (UYA) եւ Հայոց Ցեղասպանութեան Յանձնաժողովը (AGC), որը կը ներկայացնեն հայկական կազմակերպութիւնները, որոնց շարքին են`Հայ Առաքելական, Հայ Կաթողիկէ եւ Հայ Աւետարանական եկեղեցիներ, Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութիւնը, Սոցիալ Դեմոկրատ Հնչակեան Կուսակցութիւն, Ռամկավար Ազատական Կուսակցութիւնը, Հայ Բարեգործական Ընդհանուր Միութիւնը, Հայ երիտասարդաց Դաշնակցութիւնը, Ամերիկայի Արեւմտեան Շրջանի Հայ Դատի Յանձնախումբը, Ամերիկայի Հայկական Համագումարը, Հայ Ամերիկեան Խորհուրդը, Հայ Իրաւաբաններու Միութիւնը, Պոլսահայ Միութիւնը, Հայ Օգնութեան Միութիւնը, Հ.Մ.Ը.Մ-ը, Բաց վերքերը եւ համայնքի մէջ յայտնի կարգ մը այլ կազմակերպութիւնները:

Առաւօտեան ժամը 8:30-ին կը նախատեսուի ուխտագնացութիւն դէպի Մոնթեպելլոյի Հայոց Ցեղասպանութեան զոհերու նուիրուած յուշահամալիր, ուր կազմակերպութիւններու ներկայացուցիչները ծաղկեպսակներ կը զետեղեն յուշարձանի մօտ եւ իրենց մասնակցութիւնը կը բերեն հոգեհանգստեան արարողութեան:

Ժամը 11:00-ին, Հոլիվուտի Փոքր Հայաստան թաղամասէն կը սկսի Արդարութեան Քայլարշաւը:  Տասնեակ հազարաւորներ պիտի քալեն Հոլիվուտի սիրտը՝ Հոլիվուտ եւ Ուեսթըրն պողոտաներու Հայոց ցեղասպանութեան Յուշահամալիրի հրապարակը, վերահաստատելու համար պարտաւորութիւնը, հանուն արդարութեան եւ ճշմարտութեան համար մղուած պայքարին:

Ժամը 2:30-ին, տեղի կ’ունենայ օրուայ եզրափակիչ միջոցառումը, Թրքական Հիւպատոսարանի առջեւ միացեալ բողոքի ցոյցը, ուր համայնքը կրկին իր ձայնը բարձրացնելով, Հայոց Ցեղասպանութեան համար կը պահանջէ արդարութիւն եւ փոխհատուցում:

Ապրիլ 24, 2020 թուականի Հայոց Ցեղասպանութեան նուիրուած այս միջոցառումները, կըլլան առաջինը, Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու Ներկայացուցիչներու Տան Պալատի եւ Ծերակոյտի Հայոց Ցեղասպանութեան բանաձեւերու միաձայնութեամբ ընդունումէն ետք, որը մեծ յաղթանակ մըն էր ողջ հայութեան համար: Միջոցառումներուն կը միանան նաեւ Դաշնակցային եւ Նահանգային քաղաքական ներկայացուցիչներ:

Կոչ կ’ուղղենք հայ համայնքի բոլոր զաւակներուն, Ուրբաթ, Ապրիլ 24-ին,  յիշատակի այս կարեւոր միջոցառումներուն տասնեակ հազարաւոր մասնակցողներուն միանալու: Փոխադրամիջոցներ պիտի տրամադրուին Հայ Կեդրոններէն դէպի միջոցառումներու վայրերը:

Յաւելեալ մանրամասնութիւններ պիտի տրուին ապագայ հաղորդագրութիւններով:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment