Home ՀԱՅԱՍՏԱՆ Հրայր Թովմասեանը Դատական Հայց Ներկայացուցած է Ընդդէմ Նիկոլ Փաշինեանի

Հրայր Թովմասեանը Դատական Հայց Ներկայացուցած է Ընդդէմ Նիկոլ Փաշինեանի

by MassisPost

Սահմանադրական դատարանի (ՍԴ) նախագահ Հրայր Թովմասեանը դատական հայց ներկայացուցած է ընդդէմ վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի, կը տեղեկացնէ «Դատալեքս» տեղեկատուական համակարգը:

Հայցով ՍԴ նախագահը վարչապետէն կը պահանջէ ներողութիւն խնդրել վիրաւորանք հանդիսացող արտայայտութիւններու համար եւ հերքել զրպարտութիւն հանդիսացող տեղեկութիւնները:

Այն մակագրուած է Երեւան քաղաքի ընդհանուր իրաւասութեան դատարանի դատաւոր Գայիանէ Խաչատրեանին: Դատական նիստի օրը դեռ նշանակուած չէ:

Վարչապետ Փաշինեանը, յիշեցնենք, ըսած էր, որ Թովմասեանն իր ծառայութիւնները առաջարկած է, շողոքորթած իրեն, իսկ Թովմասեանը այն հերքած էր: Ապա Փաշինեանը որպէս փաստ Թովմասեանի՝ իրեն նուիրած գրիչը հրապարակած էր, Թովմասեանն ալ յորդորած էր իր փաստաբաններուն հայցադիմում պատրաստել վարչապետի դէմ:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment