Home ԳԼԽԱՒՈՐ ԼՈՒՐԵՐ Փաշինեան. Դատական Համակարգը Վերէն Վար Պիտի Ենթարկուի Խորքային Փոփոխութիւններու

Փաշինեան. Դատական Համակարգը Վերէն Վար Պիտի Ենթարկուի Խորքային Փոփոխութիւններու

by MassisPost

Վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանը, ելոյթ ունենալով Մարդու Իրաւունքներու Պաշտպանի հաստատութեան 15-ամեակի առթիւ երկօրեայ միջազգային համաժողովի բացման, յայտարարած է, որ դատական համակարգը «վերէն վար պիտի ենթարկուի խորքային փոփոխութիւններու»:

Վարչապետը շեշտած է, որ 15 տարիներու ընթացքին մարդու իրաւունքներու պաշտպանի եւ իշխանութիւններու յարաբերութիւնները պարզ չեն եղած, ու թէեւ 2018 թուականի ոչ բռնի, թաւշեայ յեղափոխութենէն ետք իրավիճակ փոխուած է, լուծուած են համակարգային կարեւորագոյն հարցեր, առաջին անգամ խորհրդարանական ընտրութիւնները կասկած չեն յարուցած ո՜չ հայաստանցիներու, ո՜չ միջազգային դիտորդներու մօտ, սակայն մարտահրաւէրներ ալ կան: Պէտք է ժողովրդավարութիւնը ամրապնդել, եւ կայացնել դատական անկախ համակարգը:

«Մեզ ամենեւին չի հետաքրքրում հսկողութեան տակ գտնուող դատական համակարգը: Մենք ընդհանուր առմամբ եւ սկզբունքօրէն դէմ ենք վերահսկողութեան տակ գտնուող դատական համակարգ ունենալուն: Բայց երբ Հայաստանի Հանրապետութեան կառավարութիւնն ի ցոյց դրեց իր կամքը՝ գործնական եւ քաղաքական, հրաժարուել դատական համակարգի նկատմամբ վերահսկողութեան փորձից, պարզուեց, որ դա որոշակի դաշտ է բացում նրանց համար, ովքեր նախկինում վերահսկողութիւն ունէին դատական համակարգի նկատմամբ, եւ նրանք սա գնահատեցին որպէս հնարաւորութիւն, որ իրենք կարող են շարունակել վերահսկողութիւն սահմանել դատական համակարգի նկատմամբ՝ այսպիսով փորձելով յետ պտտել Հայաստանում տեղի ունեցած ժողովրդավարական փոփոխութիւնները: Այսօր յստակ արձանագրում եմ, որ Հայաստանում դատական համակարգը վերից վար պէտք է ենթարկուի խորքային, բովանդակային փոփոխութիւնների, այնպէս որ այդ դատական համակարգը լինի իրապէս անկախ, լինի Հայաստանում ժողովրդավարութեան, մարդու իրաւունքների պաշտպանութեան, օրինականութեան առանցքային հիմնարկներից մէկը», – իր խօսքին մէջ նշած է Փաշինեանը:

Վարչապետն արձանագրած է, որ Մարդու Իրաւունքներու Պաշտպանութեան գրասենեակը կայացած է, հակառակ որ 15 տարի առաջ կային յոռետեսական գնահատականներ:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment