Home ԳԱՂՈՒԹԱՅԻՆ ՍԴՀԿ-ի Հանդիպումը Արցախի Մշակոյթի Նախարար Նարինէ Աղբալեանի Հետ

ՍԴՀԿ-ի Հանդիպումը Արցախի Մշակոյթի Նախարար Նարինէ Աղբալեանի Հետ

by MassisPost

Հայաստան Համահայկական Հիմնադրամի տարեկան թելեթոն-դրամահաւաքի կապակցութեամբ այս օրերուն Լոս Անճելոս կը գտնուին Արցախի հանրապետութեան մշակոյթի նախարար Տիկ. Նարինէ Աղաբալեան եւ Արցախի առաջնորդ Գեր. Տ. Պարգեւ Արք. Մարտիրոսեան:

Օգտուելով այս բարեպատեհ առիթէն Երկուշաբթի, Նոյեմբեր 25, 2019 Ս.Դ. Հնչակեան կուսակցութիւնը ներկայացնող պատուիրակութիւն մը հանդիպում մը ունեցաւ նախարար Ն. Աղաբալեանի հետ: Հանդիպման ներկայ էր նաեւ Ուաշինկթընի մօտ Արցախի մնայուն ներկայացուցիչ Ռոպերթ Աւետիսեան:

Ս.Դ.Հ.Կ. Վարիչ Մարմնի պատուիրակութեան մաս կը կազմէին Գ. Մոլոյեան, Վ. Քէօրողլեան, Ռ. Մուղալեան եւ Կ. Տեփոյեան:

Ս.Դ. Հնչակեան կուսակցութեան անունով Վարիչ Մարմնի փոխ ատենապետ Գաբրիէլ Մոլոյեան բարի գալուստ մաղթելէ ետք ողջունեց Արցախի Մշակոյթի նախարար Տիկ. Նարինէ Աղաբալեանի ներկայութիւնը եւ Ս.Դ.ՀԿ-ի զօրակցութիւնը յայտնեց Արցախի ազատատենչ հերոս ժողովուրդի մղած արդար պայքարին եւ յաջողութիւն մաղթեց հիմնահարցի բարւօք լուծումին:

Իր պատասխան խօսքին մէջ Ն. Աղաբալեան շնորհակալութիւն յայտնեց զօրակցութեան համար եւ հակիրճ տեղեկութիւններ տուաւ իր նախարարութեան մշակութանուէր եւ օգտաշատ համատարած աշխատանքներուն մասին: Ան միաժամանակ լուսաբանութիւններ տուաւ երկրի դիմակալած տարբեր բնագաւառներու դժուարութիւններու մասին, որոնցմէ կարեւորագոյններէն է ջրաբաշխման մատակարարութիւնը: Առանձնապէս շեշտեց նաեւ այլ մարզերու մէջ արձանագրուած յառաջընթացը:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment