Home ԳԼԽԱՒՈՐ ԼՈՒՐԵՐ Միայն Թուրքիոյ Խորհրդարանը Կրնայ Բուժել Հայ Ժողովուրդի Վէրքերը. Կարօ Փայլան

Միայն Թուրքիոյ Խորհրդարանը Կրնայ Բուժել Հայ Ժողովուրդի Վէրքերը. Կարօ Փայլան

by MassisPost

Թուրքիոյ խորհրդարանի քրտամետ Ժողովուրդներու դեմոկրատական կուսակցութեան հայ պատգամաւոր Կարօ Փայլանը անդրադարձած է ԱՄՆ Ներկայացուցիչներու պալատի կողմէ Հայոց ցեղասպանութեան ճանաչման:

«Ֆէյսպուք»-ի իր էջին Փայլանը գրած է, որ տասնեակ խորհրդարաններէ ետք Հայոց ցեղասպանութիւնը ճանչցաւ նաեւ ԱՄՆ Քոնկրէսի Ներկայացուցիչներու պալատը:

«Մեր ցաւը դարձած է ուրիշներու խորհրդարանի քննարկման առարկան, քանի որ իմ երկիրը 105 տարի է՝ կը հերքէ հայ ժողովուրդի մեծ ողբերգութիւնը: Միակ խորհրդարանը, որ կրնայ բուժել հայ ժողովուրդի վէրքերը, Թուրքիոյ խորհրդարանն է, որուն անդամն եմ ես»,- նշած է ան:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment