Home ԳԼԽԱՒՈՐ ԼՈՒՐԵՐ Որոշում Մը, Որ Կարիք Ունի Վերատեսութեան

Որոշում Մը, Որ Կարիք Ունի Վերատեսութեան

by MassisPost

Վերջին օրերուն  Լոս Անճելըսի հայութիւնը ցնցուեցաւ  տեղեկանալով  ՀԲԸՄ-ի Փասատինայի Վաչէ եւ Թամար Մանուկեան  երկրորդական վարժարանի փակման որոշումի մասին: Համացանցի ընկերային էջերը ողողուեցան գրութիւններով, որոնց միջոցաւ շատեր կը յայտնէին իրենց  բողոքը, ուրիշներ` իրենց յուզումը, իսկ ոմանք ընդվզումը` անակնկալ այս որոշումին առթիւ: Բնական էր այս հակազդեցութիւնը, նկատի ունենալով որ,  Հայ դպրոցի ճակատագիրը կը յուզէ  իւրաքանչիւր հայորդիի, որ կը մտահոգուի մեր երիտասարդ սերունդի հայեցի դաստիարակութեամբ եւ ապագայով, յատկապէս այս երկիրէն ներս, որ հայապահպանութիւնը ամէնօրեայ պայքար է ու մղձաւանջ:

ՀԲԸՄ-ի ղեկավարութեան եւ վարժարանի հոգաբարձութեան կողմէ  տրուած պատճառաբանութիւնները` նիւթական վնասներու եւ ուսանողներու թիւի նուազումի մասն համոզիչ չեն թուիր շատ-շատերուն: Արդարեւ, սփիւռքի տարածքին չկան հայկական  դպրոցներ եւ կազմակերպութիւններ, որոնք ֆինանսապէս ինքնաբաւ են: Մեր բոլոր հաստատութիւնները ունին բացեր, որոնց ամբողջացման համար կը դիմուին ալազան միջոցառումներու: Ինչ կը վերաբերի ուսանողներու թիւի նուազումին, այդ եւս  տատանուող տուեալ մըն է, որ կրնայ փոխուիլ   տարուէ-տարի:

Հայկական Բարեգործական Ընդհանուր Միութիւնը Հայ իրականութեան խոշորագոյն կրթական ու բարեսիրական  կազմակերպութիւնն է, որ կը վայելէ մեծագոյն հեղինակութիւն եւ վստահութիւն` սփիւռքէն մինչեւ Հայաստան: Այդ վարկը ձեռք ձգուած է անոր ղեկավարութեան տարիներու տքնաջան աշխատանքին ու նուիրումին  շնորհիւ:

Հայ դպրոցի առաքելութիւնը  միշտ ալ եղած է առաջնահերթութիւն ՀԲԸՄ-ի համար, որպէսզի մատղաշ սերունդները կառչած մնան իրենց արմատներուն, պահպանեն Հայ լեզուն, հարուստ մշակոյթը  ու ազգային աւանդոյթները:

Փասատինան կը հանդիսանայ սփիւռքի ամենէն հայահոծ եւ կենսունակ շրջաններէն մէկը, ուր կը գործեն մեր բոլոր քաղաքական, ազգային եւ եկեղեցական կազմակերպութիւնները: Այս բոլորին մէջ իր կարեւոր տեղը ունի ՀԲԸՄ-ի համալիրը ու հոն գործող Վաչէ եւ Թամար Մանուկեան  երկրորդական վարժարանը: Հայ երիտասարդ ու պատանի ուսանողներու  ամէնօրեայ ներկայութիւնը  կեանք ու փայլք կու տան ՀԲԸՄ-ի կեդրոնին: Անոնց   բացակայութեամբ մեծ  բաց մը պիտի յառաջանայ այդ միջավայրէն ներս:

Վստահ ենք որ, վերջին օրերուն բարձրացող  մտահոգութիւններն  ու բողոքները կը հասնին ՀԲԸՄ-ի  ղեկավարութեան  ու միջոցներ կը տնօրինուին`  վերատեսութեան ենթարկելու համար առնուած որոշումը:
«ՄԱՍԻՍ»

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment