Home ԳԼԽԱՒՈՐ ԼՈՒՐԵՐ Էրտողան Եւ Թուրքիոյ Ներկայ Վիճակը

Էրտողան Եւ Թուրքիոյ Ներկայ Վիճակը

by MassisPost

ՃՐՏԳ. ՀԱՄԲԱՐՁՈՒՄ ԱՂՊԱՇԵԱՆ

Թուրքիոյ երազկոտ սուլթան Էրտողան տարիներէ ի վեր իր երկրի քաղաքական դաշտին մէջ միակ հերոսն է. ան իր կուսակցական ընկերները շուքի տակ առնելով՝ երկրին մենատէրը եւ բռնակալը եղաւ, ինչպէս նախկին նախագահ Ապտուլլահ Կիւլ, արտաքին գործոց նախարար ապա վարչապետ Ահմետ Տաւութօղլու, տնտեսութեան նախարար Ալի Պապաճան եւ շատ մը ուրիշներ. իսկ ներկայիս իր ամենամեծ թշնամի Ֆեթհուլլահ Կիւլենը, որուն հետ տարիներ համագործակցած է, զայն եւս չէզոքացուց եւ իր հետեւորդներն ու համակիրները արմատախիլ ըրաւ պետութեան հաստատութիւններէն ու մասնաւորապէս բանակէն: Ան երկրի քիւրտ ղեկավարներն ալ ամբաստանեց քիւրտ ապստամբներու հետ կապ ունենալով, ուստի անոնք բանտերու մէջ դատապարտութեան կը սպասեն: Ան երկրի մտաւորականներէն եւ լրագրողներէն քանիներ բանտարկեց, իսկ մամուլը սարսափի մէջ թողուց՝ շարք մը թերթեր արգիլելով կամ պետութեան հսկողութեան տակ առնելով:

Էրտողան հասաւ իր քաղաքական կատարին եւ կրցաւ իր ընդդիմադիրները մէկ բռունցքով վար առնել. ներկայիս, սակայն, անոր բռունցքը այդ նոյն ուժը եւ ազդեցութիւնը չունի ալ. ի՛նքն է որ իր հակառակորդներէն բռունցքներ կը ստանայ: Անոր դէմ ներքին ամենամեծ հարուածը Պոլսոյ ընտրութիւններն էին, որուն ընթացքին Ժողովրդական Հանրապետական կուսակցութեան թեկնածու Աքրամ Իմամօղլուն մեծ յաղթանակ արձանագրեց. պատահածը Արդարութիւն եւ բարգաւաճ կուսակցութեան համար մեծ հարուած էր. այդ կորուստը նաեւ մեծ հարուած էր Ալի Պապաճանի եւ իր ընկերներուն հիմնած կուսակցութեան համար, եւ անոնք ներկայիս նոր կուսակցութիւն մը հիմնելու կը պատրաստուին:

Էրտողան նոյնիսկ ՆԱԹՕի ամենամեծ եւ ամենահզօր երկրին՝ Միացեալ Նահանգներուն, կասկածելի գործընկեր կը համարէ. ան կասկած ունի, թէ Ամերիկա բաժին ունէր Թուրքիոյ մէջ տեղի ունեցած վերջին յեղաշրջումին մէջ, եւ կը յիշուի, թէ Ռուսիայէն «S-400» հրթիռներու գնումի պատճառը Էրտողանի վախն է ՆԱԹՕի զինակիցներէն եւ ի մասնաւորի Միացեալ Նահանգներէն: Էրտողան վստահութիւն չունի ՆԱԹՕի երկիրներուն թէ ՆԱԹՕի միջուկային հովանոցին հանդէպ, որ իր երկիրը պիտի պաշտպանեն որեւէ պատերազմի մը ընթացքին. այդ իսկ պատճառով, առաջին անգամն ըլլալով ան հրապարակաւ յայտնեց իր միջուկային զէնք ունենալու ըղձանքին մասին:

Էրտողան չկրցաւ իր հովանիին տակ առնել նախկին սովետական ասիական հանրապետութիւնները, որոնք թուրքերուն նոյն ծագումը ունին եւ մահմետական երկիրներ են: Անոնք չուզեցին ճերմակ արջը սեւ գայլով փոխել: Արաբական երկիրներն ալ իր հովանիին տակ առնելու ջանքերը ի զուր եղան: Թուրքերը մեծամասնութեամբ սիւննի իսլամ են, որոնց մօտաւորապէս ութսուն տոկոսը «հանաֆի» դաւանանքին կը պատկանի, տասը տոկոս մըն ալ «շաֆիի» դաւանանքին. կան նաեւ ալաուի իսլամներ, որոնք հիմնականին մէջ քիւրտեր են կամ իսլամացուած հայեր. սակայն երկրին կրօնապետը սիւննի է եւ պետութիւնը «Իսլամ եղբայրներ» կուսակցութեան ջատագով է, անոր աջակիցն ու պաշտպանը. բան մը, որ հակառակ է Եգիպտոսի հակա-իսլամեղբայրական վարչակարգին եւ Սէուտի Արաբիոյ ուահապի-իսլամ թագաւորութեան, նմանապէս՝ Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններուն: Սէուտական թագաւորութիւնը Էրտողանի հետ մրցումի մէջ է… երկուքն ալ կը ջանան ղեկավարել իսլամ աշխարհը, եւ այդ իսկ պատճառով իրարու դէմ կանգնած են, իրարու հետ թշնամացած: Լիպիոյ պարագային, Թուրքիոյ ոտքերը արդէն իսկ ցեխի մէջ են: Իրաքի մէջ Պարսկաստանն է որոշումներու տէրը, այլ ոչ թէ Թուրքիան, իսկ Սուրիան Թուրքիոյ համար մեծ գլխացաւ մըն է եւ վտանգ, թէեւ ան Սուրիոյ մեծ վնասներ հասցուցած է եւ տակաւին կը հասցնէ իր որդեգրած ՏԱԷՇին միջոցաւ եւ նոյնիսկ իր օրինաւոր զօրագունդերով, սակայն քրտական զինեալ խումբերը մղձաւանջ մըն են իրեն համար: Մէկ խօսքով, Սուտանի յեղաշրջումէն ետք Էրտողանի միակ բարեկամը Քաթարն է:

Ներկայիս, Թուրքիոյ արտաքին քաղաքականութեան ամենակարեւոր հարցը Սուրիան է: Այնտեղ Թուրքիան ունի երկու ռազմավարական նպատակներ: Առաջին՝ կանխել քրտական իշխանութիւն հաստատելու քայլերը Սուրիոյ հիւսիսային մասերուն վրայ, երկրորդ՝ իր ազդեցութեան եւ ռազմական հովանիին տակ պահել Սուրիոյ հիւսիսարեւմտեան շրջանը: Այս իղձերը իրականացնելու համար, Թուրքիան Ամերիկայի եւ Ռուսիոյ օգնութեան կարիքը ունի, սակայն ամերիկացիները քիւրտերուն հզօր կողմնակիցներն են, իսկ Ռուսիան իր մեծ ազդեցութիւնը ունի թէ՛ սուրիոյ կառավարութեան եւ թէ Սուրիոյ հիւսիսարեւմտեան շրջանին մէջ տեղի ունեցող ռազմական զարգացումներուն վրայ: Ամերիկայի եւ Ռուսիոյ շահերը սակայն լիովին համատեղելի չեն Սուրիոյ մէջ: Ռուսիան կ՛աշխատի Սուրիոյ հիւսիս արեւմուտքին մէջ երկրի կառավարութեան վերահսկողութեան լիարժէք վերականգնումին համար:

Էրտողան Ամերիկայի եւ եւրոպական երկիրներու կողմէ անպատիժ մնաց՝ Ռուսիոյ հետ ռազմական իր նորաստեղծ յարաբերութիւններուն համար, իսկ Ռուսիա արդէն իսկ զոհ գացած իր զինուորական օդաչուին եւ Թուրքիոյ մէջ իր սպաննուած դեսպանին վրէժը զէնքի վաճառումով անտեսեց: Պատմութիւնը կը կրկնուի, բոլորն ալ Թուրքիոյ բարեկամութեան կը ձգտին, եւ ինչպէս Քեմալ Աթաթիւրք ժամանակին առիթէն օգտուելով արդի Թուրքիան հիմնեց, Էրտողան եւս, դասը լաւ սերտած ըլլալով՝ նոյնը կ՛ուզէ ընել եւ այլ երկիրներու հետ մրցակցութեան լարերուն վրայ խաղալով հզօր Թուրքիա մը կ՛ուզէ կառուցել:

Իսկ երկրին մէջ անգործութիւնն ու սղաճը վերելք կ՛արձանագրեն. այս տարուան ընթացքին անոնք 15 տոկոսով բարձր եղած են: Արդէն իսկ երկրի դրամանիշը՝ լերան, արժեզրկումի կ՛ենթարկուի, այնուամենայնիւ Էրտողան յաջողած է իսլամական կրօնքի զարթօնք մը ստեղծել թուրքերուն մօտ, ի մասնաւորի մեծ քաղաքներէն դուրս՝ գիւղական շրջաններու մէջ, եւ անոնք են որ պէտք եղած քուէները կ՛ապահովեն Էրտողանին: Ան մեծ յաջողութեամբ կրօնքը կ՛օգտագործէ իր քաղաքական շահերուն համար եւ երկրին ղեկը կրցած է իր ձեռքը պահել տակաւին:

Այս բոլորով հանդերձ, ուշ թէ կանուխ, Էրտողան պիտի՛ տապալի. իր կուսակցութեան մեծ պառակտումը, Հանրապետական կուսակցութեան քաղաքական գետին հզօր վերադարձը, Քրտական Բանուորական կուսակցութեան մղած պայքարը, Ֆեթհուլլահ Կիւլենի ազատ մնացած հետեւորդները, Եւրոպական միութեան հետ իր պաղ յարաբերութիւնները, Ամերիկայի հետ անվստահութեան քաղաքականութիւնը, Ծոցի մէջ Թուրքիոյ կորսնցուցած շուկաները, Լիպիոյ ներքին խռովութիւններու մասնակցութեան ծախսերը, Սուրիոյ տագնապը ու վերջին իրադարձութիւնները եւ վերջապէս ամենամեծ խնդիրը՝ երկրին տնտեսական վիճակը, Էրտողանը պիտի կործանէն: Երբ ժողովուրդը սոված ըլլայ, ո՛չ Էրտողան պիտի ճանչնայ, ո՛չ ալ կրօնք, սակայն կը թուի, թէ Էրտողան դեռ ժամանակ ունի:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment