Home ԳԼԽԱՒՈՐ ԼՈՒՐԵՐ Գերադասելի Է, Որ Նախկին Իշխանութիւնը Աւելի Զուսպ Ըլլայ, Հնարաւոր Է՝ Յեղափոխութեան 2-Րդ Ալիքը Սրբէ Տանի Անոնց. Բագրատեան

Գերադասելի Է, Որ Նախկին Իշխանութիւնը Աւելի Զուսպ Ըլլայ, Հնարաւոր Է՝ Յեղափոխութեան 2-Րդ Ալիքը Սրբէ Տանի Անոնց. Բագրատեան

by MassisPost

Երկար ժամանակ ապրելով սթրեսներու մէջ հասարակութիւնը ձեռք բերած է բաւականին թշնամական վարքագիծ եւ հնարաւոր է, որ յեղափոխութեան երկրորդ ալիք առաջանայ, որ սրփէ, տանի նոյնիսկ նախկին իշխանութեան անմեղ մասնակիցները: Այս մասին, Հոկտեմբեր 14-ին, լրագրողներու հետ հանդիպման ժամանակ նշած է ԲՀԿ խմբակցութեան պատգամաւոր Սերկէյ Բագրատեանը:

Անոր խօսքով, երկրորդ ալիքը կրնայ աւելի բիրտ ըլլալ, ինչը վտանգաւոր է պետութեան զարգացման տեսանկիւնէն. «Այդ իմաստով գերադասելի է, որ նախկին իշխանութիւնն աւելի զուսպ հանդէս գայ եւ դրանով ատելութիւնը չբորբոքի: Հիմա ժամանակ է պէտք, որ մարդիկ իրենց ակրեսիան նուազեցնեն: Պետութեան զարգացումը կը բերի նոր օրակարգերի ձեւաւորման եւ հանրութեան վիրաւորուած, խոցուած, ցաւ ապրած մարդիկ այլեւս նոր մտածողութեամբ կը զբաղուեն պետականաշինութեամբ: Դա կը մոռացնի ցաւը:

Միւս կողմը, որը դժուար վիճակի մէջ է պաշտպանելու անցեալը, որն արդէն մերժուել է, խնդիրներ կ’ունենան յեղափոխութեան երկրորդ ալիքի հետ: Պէտք է ուղղակի ապահովել իրաւական կողմը, ոչ թէ գնալ գաղափարախօսական հակադրութիւնների ճանապարհով, որը դատապարտուած է: Դրանով թոյլ կը տրուի, որ պարպուի ժողովրդի տարիների ատելութիւնը: Դրան չպէտք է խոչընդոտել, որովհետեւ դա վտանգաւոր ընթացք կ’ունենայ: Միգուցէ նախկինների ինքնապաշտպանութեան բնազդն է աշխատում, որը բորբոքում է նոր ատելութիւն»,-ընդգծած է ԲՀԿ-կան պատգամաւորը:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment