Home ԳԼԽԱՒՈՐ ԼՈՒՐԵՐ ԱԺ Նախագահը Ուաշինկթընի Մէջ Հանդիպած է Միչ Մաքքոնելի եւ Նենսի Փելոսիի հետ

ԱԺ Նախագահը Ուաշինկթընի Մէջ Հանդիպած է Միչ Մաքքոնելի եւ Նենսի Փելոսիի հետ

by MassisPost

Ազգային ժողովի նախագահ Արարատ Միրզոյեանը  Ուաշինկթընի մէջ հանդիպած է ԱՄՆ Սենատի հանրապետական մեծամասնութեան ղեկավար Միթչ ՄըքՔոնելի հետ:

ԱԺ խօսնակը գործընկերոջ ներկայացուցած է Հայաստանի մէջ տեղի ունեցած յեղափոխութեան յաջորդող քաղաքական զարգացումները` ընդգծելով այս փուլին ԱՄՆ-ի կողմէ աջակցութեան կարեւորութիւնը: Կողմերը քննարկած են Միացեալ Նահանգներու կողմէ Հայաստանին տրամադրուող նիւթական աջակցութեան մեծացման հնարաւորութիւնները, երկրի արտաքին քաղաքականութեանն ու տարածաշրջանային կայունութեան, ուժանիւթային անվտանգութեան եւ շարք մը այլ ոլորտներուն վերաբերող հարցեր:

ԱԺ լրատւութեան եւ հանրութեան հետ կապերու վարչութեան փոխանցմամբ՝ Միրզոյեանը հանդիպման ընթացքին անդրադարձած է Ազգային ժողովրդավարական եւ Միջազգային հանրապետական հիմնարկներու՝ Հայաստանի Ազգային ժողովի հետ համատեղ ծրագրերու կարեւորութեան, որոնք ուղղուած են խորհրդարանի կարողութիւններու զարգացմանն ու բարեփոխումներու օրակարգին նպաստելուն:

Կողմերը մեծապէս կարեւորած են հայ-ամերիկեան յարաբերութիւններուն մէջ առկայ մեծ ներուժի բացայայտումն ու այդ ուղղութեամբ գործնական քայլերու իրականացումը:

mirzoyan-pellosi

Նոյն օրը, Արարատ Միրզոյեանը հանդիպած է ԱՄՆ Ներկայացուցիչներու պալատի խօսնակ Նենսի Փելոսիի հետ: Անոնք քննարկած են հայ-ամերիկեան յարաբերութիւններուն առնչուող հարցեր:

Խորհրդարանի ղեկավարը ներկայացուցած է Հայաստանի մէջ տեղի ունեցող զարգացումները եւ շնորհակալութիւն յայտնած Նենսի Փելոսիին հայ-ամերիկեան յարաբերութիւններուն մէջ տարիներ շարունակ ունեցած աւանդին համար:

Ներկայացուցիչներու պալատի խօսնակը մեծապէս կարեւորած է Հայաստանի մէջ տեղի ունեցած ժողովրդավարական փոփոխութիւնները: Հանդիպման ընթացքին կողմերը քննարկած են երկուստեք հետաքրքրութիւն ներկայացնող հարցեր:

ԱԺ նախագահի գլխաւորած պատուիրակութիւնը ԱՄՆ մայրաքաղաքին մէջ մասնակցած է House Democracy Partnership կազմակերպութեան Առաջնորդներու ֆորումի աշխատանքներուն: Միրզոյեանը ելոյթ ունեցած է «Օրէնսդիր մարմիններու դերը. օրէնսդիր մարմիններու անկախութեան կարեւորութիւնը բռնապետութեան վտանգի կանխման ծիրէն ներս» թեմայով՝ ներկայացնելով նախորդ տարուան Ապրիլ-Մայիս ամիսներուն տեղի ունեցած թաւշեայ յեղափոխութիւնն ու խորհրդարանի օրակարգին մէջ գտնուող բարեփոխումները:

Ելոյթով հանդէս եկած է նաեւ ԱԺ «Լուսաւոր Հայաստան» խմբակցութեան ղեկավար Էտմոն Մարուքեանը՝ խօսելով աշխարհի մէջ ժողովրդավարութեան սպառնացող վտանգներու մասին:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment