Home ԳԱՂՈՒԹԱՅԻՆ Հանդիպում Հենրիխ Մխիթարեանի Հետ

Հանդիպում Հենրիխ Մխիթարեանի Հետ

by MassisPost

Կիրակի, 14 Յուլիս 2019ի կէսօրէ ետք ժամը 2:00ին Մարինա Տէլ Ռէյի Ritz Carlton պանդոկին մէջ հանդիպում մը տեղի ունեցաւ Հայաստանի հաւաքականի աւագ միջազգային ֆութպոլի Հենրիխ Մխիթարեանի հետ:

Հանդիպումը կազմակերպուած էր Լոս Անճելոսի գլխաւոր հիւպատոս Արմէն Պայպուրդեանի կողմէ:

Հանդիպման հրաւիրուած էին Լոս Անճելոսի հայ համայնքի մարզական միութիւններու խաղացողներ պատասխանատուներ: Ինչպէս նաեւ հայ պատանիներ ու երիտասարդ ֆութպոլիստներ: Հայաստանի 1973 թուականի ՚Արարատՙի խաղացողներէն Արմէն Սարգիսեան, Լեւոն Իշտոյեան եւ Նորիկ Մեսրոպեան: Հ.Մ.Մ.ի կողմէ ներկայ էր մարզական դիւանի պատասխանատու Վահէ Աջապահեան, Շանթ Շէրեան եւ Ալեքս Գօճապապեան:

Նկարին մէջ` Շանթ Շէրեան, Վահէ Աջապահեան, Հենրիխ Մխիթարեան եւ Ալեքս Գօճապապեան:

Նկարին մէջ` Շանթ Շէրեան, Վահէ Աջապահեան, Հենրիխ Մխիթարեան եւ Ալեքս Գօճապապեան:

Բացման խօսքը կատարեց Հայաստանի հիւպատոս Պրն. Արմէն Պայպուրդեան: Ան նախ շնորհակալութիւն յայտնեց ներկաներուն, ապա ըսաւ թէ ֆութպոլը միայն մարզական խաղ չէ, այլ երկիրներու միջեւ բարեկամական ու ընկերային մթնոլորտ եւ համագործակցութեան ոգի ստեղծել է: Հենրիխ Մխիթարեան շնորհակալութիւն յայտնեց Լոս Անճելոսի հիւպատոսութեան, այս առիթը ընծայելու համար, ծանօթանալու հայ գաղութի մարզական կեանքի ու գործունէութիւններուն, խօսեցաւ իր անձնական փորձառութիւններու մասին ու ցանկաց որ Հայաստան աւելի զարկ տայ ֆութպոլին:

Եղան սրտբաց խօսակցութիւններ ու հարց ու պատասխանի պահ մը:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment