Երկար սպասումէ ետք, 1 Ապրիլ 2019-ին Արեւմտահայերէն Ուիքիփետիան օժտուեցաւ իր առանձին յղումով՝ hyw.wikipedia.org (url)։ Այս կարգանիշին միջոցաւ կարելի է այցելել Արեւմտահայերէն Ուիքիփետիայի առցանց հարթակը։
Արեւմտահայերէն Ուիքիփետիայի առանձին հարթակ դառնալու նպատակին նպաստած են Ուիքիմետիա Հայաստան կազմակերպութիւնը եւ «Գալուստ Կիւլպէնկեան» հիմնարկութիւնը, որոնք անցնող տարիներուն ընթացքին ստեղծեցին Արեւմտահայերէն Ուիքիփետիան ու հովանաւորեցին անոր նախագիծերը։
2014 թուականէն ի վեր Արեւմտահայերէն Ուիքիփետիայի շուրջ համախմբուած են հարիւր յիսունէ աւելի կամաւոր խմբագիրներ, որոնք պարբերաբար մասնակցած են վերապատրաստման դասընթացքներու։ Այսօր արդէն իսկ ունինք 7500-է աւելի արեւմտահայերէնով յօդուածներ, որոնք տեղակայուած են Արեւելահայերէն Ուիքիփետիայի բաժանմունքին մէջ եւ շուտով պիտի տեղափոխուին Արեւմտահայերէն Ուիքիփետիայի հարթակը։
Արեւմտահայերէն Ուիքիփետիա ազատ հանրագիտարանին նպատակը եղած է ու կը մնայ հայթայթել բազմապիսի եւ բազմաբովանդակ՝ հայկական եւ համաշխարհային, յօդուածներ՝ այսպիսով կարեւոր ներդրում ունենալով արեւմտահայերէնի առցանց զարգացման ուղղութեամբ։
«Այս ուրախ առիթով, մեծապէս շնորհակալութիւն կը յայտնենք Արեւմտահայերէն Ուիքիփետիայի բոլոր կամաւորներուն ու խմբագիրներուն։ Շնորհակալութիւն բոլոր անոնց, որոնք սատարեցին ու կը շարունակեն սատարել սոյն աշխատանքին իրականացման», -յայտնած է Արեւմտահայերէն Ուիքիփետիա նախագիծին համակարգող Ազնիւ Ստեփանեանը, աւելցնելով, որ Արեւմտահայերէն Ուիքիփետիան կրնայ կարեւոր խթան հանդիսանալ արեւմտահայերէնի գործածութեան համար։
«Կը շնորհաւորենք Արեւմտահայերէն Ուիքիփետիայի Ուիքի համայնքը եւ արեւմտահայերէն խօսող մեր հայրենակիցները», -ըսած է Ուիքիմետիա Հայաստանի Նախագահ Սուսաննա Մկրտչեանը, աւելցնելով՝ «Այս իսկապէս կարեւոր քայլ մըն է՝ արեւմտահայերէնը ներմուծելու ժամանակակից ծրագիրներու մէջ եւ անոր տալու նոր շունչ ու նոր եռանդ»։
«Ուիքիփետիան կարեւոր հարթակ մըն է, ուր արեւմտահայերէնը կարելի է գործածել զանազան ձեւերով՝ կարդալով, խմբագրելով, բարելաւելով ու ստեղծելով արեւմտահայերէն յօդուածներ», -ըսած է «Գալուստ Կիւլպէնկեան» հիմնարկութեան հայկական բաժանմունքի տնօրէն դոկտ. Ռազմիկ Փանոսեանը, աւելցնելով՝ «Ուրախ ենք, որ մեր աջակցութիւնը արդիւնաւէտ հիմքերու վրայ դրուած է։ Յուսանք, որ լեզուին տիրապետող բոլոր անհատները օգտագործեն այս առիթը, համացանցի վրայ զարգացնելու արեւմտահայերէն բովանդակութիւնը»։
Նշենք, որ Արեւմտահայերէն Ուիքիփետիայի կարգանիշը ընդունուեցաւ 30 Յունուար 2018-ին SIL International-ի կողմէ, որ ISO 639-3-ը արձանագրող մարմինն է։ Նոր կարգանիշ ունենալու միտքը սկիզբ առած էր Արեւմտահայերէն Ուիքիփետիայի առանձին բաժին մը ստեղծելու հեռանկարով, սակայն պիտի կարենայ ծառայել նաեւ համացանցի վրայ արեւմտահայերէնով տարբեր ծրագիրներ (ինչպէս՝ սրբագրիչ, փոխադրիչ, թարգմանիչ) մշակելու աշխատանքին։
Արեւմտահայերէն Ուիքիփետիան բաց է բոլորին։ Ուիքիփետիայի խմբագրման գործիքներուն ծանօթ ոեւէ անհատ կրնայ հոն իր մասնակցութիւնը բերել։