Home Uncategorized Մեկնարկած է Աննա Յակոբեանի Այցը ԱՄՆ

Մեկնարկած է Աննա Յակոբեանի Այցը ԱՄՆ

by MassisPost

«Առանց գէթ մէկ փամփուշտի, թաւշեայ, ամենախաղաղ յեղափոխութեան հերոսները», այսպէս ներկայացուցած են Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի տիկին, թերթի գլխաւոր խմբագիր եւ երկու հիմնադրամի հիմնադիր Աննա Յակոբեանը ամերիկեան քոնկրէսականները՝ Միացեալ Նահանգներու Քոնկրէսէն ներս Յակոբեանին նուիրուած յատուկ երեկոյի ընթացքին: Այս մասին կը յայտնէ «Ամերիկայի ձայնը»:

Աննա Յակոբեանը իր ելոյթին մէջ ներկայացնելով Հայաստանի ձեռքբերումները ընդգծած է, որ երկիրը լիարժէք ժողովրդավարութեան եւ իրական տնտեսական աճի ապահովման ճանապարհին է եւ այդ ճանապարհին ողջունելի է իւրաքանչիւր աջակցութիւն Հայաստանի բարեկամներու կողմէն:

Հայկական արմատներ ունեցող քոնկրեսական Ճեքի Սփիրը ընդգծած է, որ Քոնկրէսը իր կողմէն ամէն ջանք պիտի գործադրէ, որպէսզի Միացեալ Նահանգները Հայաստանին արժանի աջակցութիւն ցուցաբերէ թէ տնտեսական եւ թէ քաղաքական առումով: «Մենք կ’ուզենք համոզուած ըլլալ, որ Հայաստանի մէջ ժողովրդավարութիւնը ոչ թէ կը պահպանուի, այլ որ այն կը բարգաւաճի եւ երկիրը լիարժէք կը զարգանայ», – նշած է Սփիրը: Հայաստանի յեղափոխութիւնը տպաւորած էր նաեւ Դեմոկրատական կուսակցութեան առաւել ազդեցիկ քոնկրէսականներէն մէկը՝ Ատամ Շիֆը, որ բազմաթիւ այլ քոնկրէսականներու օրինակով, եկած էր անձամբ ծանօթանալու Աննա Յակոբեանի հետ:

Anna Hakobyan-US Capitol-1

«Մեզի անհրաժեշտ է մեր երկիրներու գործընկերութիւնը նոր մակարդակի բարձրացնել, որպէսզի օգնենք ձեր հրաշալի կառավարութեան յաջողութեան հասնիլ», – նշած է Շիֆը:

Եւս մէկ կարեւոր հարց, որու մասին խօսած է Հայաստանի վարչապետի տիկինը քոնկրէսականներուն առջեւ, «Կանայք յանուն խաղաղութեան» նախաձեռնութիւնն է, որու շրջագիծէն ներս հայ կանայք կոչ կ’ընեն աշխարհի բոլոր, այդ շարքին եւ Ատրպէյճանի կանանց իրենց ձայնը բարձրացնելու յանուն խաղաղութեան, որպէսզի սահմանին ոչ մէկ կողմէն երիտասարդներ չզոհուին:

«Ով, եթէ ոչ կանայք, մայրերը առաւել սուր են ապրում երեխայ կորցնելու վիշտը եւ ով, եթէ ոչ կանայք, մայրերը, պէտք է իրենց ձայնը բարձրացնեն յանուն խաղաղութեան», – նշած է Յակոբեանը:

Երեքշաբթի պաշտօնապէս մեկնարկած այցը սկսած է Քոնկրէսի եւ Քոնկրէսի գրադարանի այցելութեամբ, ուր Յակոբեանին ներկայացուցած են այստեղ գտնուող հայկական գրականութեան նմուշները:

«Ես բոլորիդ միասին մէկ բան ունեմ ասելու, մէկ լուր ունեմ Հայաստանից, որ բերել եմ», – աւելի ուշ Հայաստանի դեսպանատան մէջ Աննա Յակոբեանը ուղիղ դիմած է հայ համայնքին, – «Յեղափոխութիւնից յետոյ Հայաստանում ամէն ինչ սպասուածից նոյնիսկ աւելի լաւ է ընթանում»:

Հայաստանը Սփիւռքի կարիքը ունի, սակայն, նոր իրավիճակին մէջ Սփիւռքէն այլ օգնութիւն կ’ակնկալուի, նշած է Յակոբեանը:

Երկու շաբաթէն աւելի տեւողութեամբ Միացեալ Նահանգներ իր այցի ընթացքին Հայաստանի վարչապետի տիկինը պիտի փորձէ գումարներ հանգանակել «Իմ քայլը» եւ «Ժպիտներու քաղաք» բարեգործական հիմնադրամներուն համար, որոնք կը զբաղուին կրթաթոշակներու եւ անապահով ընտանիքներուն օգնութեամբ, ինչպէս նաեւ՝ քաղցկեղով հիւանդ երեխաներու բուժօգնութեան ֆինանսաւորմամբ:

Պոսթընի, Լոս Անճելըսի եւ Նիւ Եորքի մէջ Աննա Յակոբեանը պիտի հանդիպի նաեւ տեղի հայ համայնքին հետ:

«Իմ քայլը» հիմնադրամի գործադիր տնօրէն Յովհաննէս Ղազարեանի խօսքով, այցի հիմնական նպատակներէն մէկն է ներգրաւել ԱՄՆ-ի հայ համայնքը բարեգործական հիմնադրամի գործունէութեան մէջ:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment