Home ԳԼԽԱՒՈՐ ԼՈՒՐԵՐ Պէտք Չէ Տարուիլ Ֆէյսպուքեան Կեղծ Լուրերով

Պէտք Չէ Տարուիլ Ֆէյսպուքեան Կեղծ Լուրերով

by MassisPost

2004 թուականին հրապարակ եկաւ Ֆէյսպուքի ընկերային կայքը, նպատակ ունենալով ցանցային կապ ստեղծելու դասընկերներու, բարեկամներու եւ ծանօթներու միջեւ: Շատ արագ զարգանալով այսօր աշխարհի տարածքին երկու միլիառ մարդ մաս կը կազմեն այդ ցանցին:

Իր հիմնական նպատակէն անդին երթալով, Ֆէյսպուք վերածուեցաւ նաեւ լուրերու արագ տարածման հարթակի ու սկսաւ օգտագործուիլ որպէս հանրային կարծիք ձեւաւորելու միջոց՝ ազդելու համար ժողովուրդի քաղաքական մտածելակերպին ու ընտրական դիրքորոշումներուն վրայ: Այս ընթացքին հրապարակ եկաւ նաեւ դիտաւորեալ կեղծ լուրեր տարածելու սովորոյթը: Այս միջոցը օգտագործուեցաւ յատկապէս Ամերիկայի նախագահական ընտրութիւններուն ընթացքին՝ նպաստելով Տանոլտ Թրամփի անակնկալ յաղթանակին:

Ֆէյսպուքի միջոցաւ կեղծ լուրեր տարածելու ախտը հասաւ նաեւ Հայաստան, յատկապէս թաւշեայ յեղափոխութենէն ետք: Այսօր հայկական համացանցը ողողուած է կեղծ էջերով ու լուրերով, որոնց գլխաւոր նպատակն է ժողովուրդը հանել նոր իշխանութիւններուն դէմ եւ պատմութեան անիւը դարձնել դէպի ետ:

Փաշինեանի շրջապատի գործած ամենէն փոքր սխալներն ու անզգոյշ արտայայտութիւնները կը ներկայացուին որպէս մեծ սկատալներ ու փորձ կը կատարուի ժողովուրդը համոզելու թէ՝ ոչ մէկ տարբերութիւն կայ հին իշխանութեան ներկայացուցիչներուն եւ նորերուն միջեւ, պարզապէս փոխուած են դէմքերը, իսկ բովանդակութիւնը մնացած է նոյնը:

Հայկական կեղծ էջերու ետին պարզ է թէ կանգնած են նախկին իշխանութիւններու ներկայացուցիչները, որոնք համակարգուած ձեւով իրենց հսկողութեան տակ կ՛առնեն լրատուական դաշտը՝ հեռատեսիլներ, ռատիոյի ալիքներ ու ինթերնեթային լրատու կայքէջեր գնելով: Չբաւարարուելով պաշտօնական լրատուական միջոցներով, անոնք լայնօրէն կ՛օգտագործեն նաեւ Ֆէյսպուքեան կեղծ կայքերը:

Դժբախտաբար կան մեծ թիւով մարդիկ, որոնք, լուրեր քաղելու միակ աղբիւրը իրենց համար դարձուցած են Ֆէյսպուքը:

Հայաստանի թէ սփիւռքի մէջ, Հայ ընթերցողները պէտք է ըլլան աւելի ուշադիր ու ճշմարտութիւնը ստուգելու համար պէտք է դիմել մէկէ աւելի աղբիւրներու:

Չտարուիլ ֆէյսպուքեան կեղծ լուրերով ու մանաւանդ չտարածել շրջապատին մօտ:
«ՄԱՍԻՍ»

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment