«Կարող եմ անդրադառնալ մի հարցի, որը շրջանառւում է մամուլում, թէ պարոն Սարգսեանը մեղադրող ցուցմունքներ է տուել պարոն Քոչարեանի դէմ․ հերքում եմ, դրանք միանշանակ սուտ են եւ ոչ իրական, այդպիսի ցուցմունքներ պարոն Սերժ Սարգսեանը չի տուել», – ըսած է նախկին նախագահ Սերժ Սարգսեանի փաստաբան Ամրամ Մակինեանը:
«Ազատութեան» հետ զրոյցի ժամանակ Մակինեանը հաստատած է՝ Սարգսեանը Յատուկ քննչական ծառայութեան (ՅՔԾ) կողմէ որպէս վկայ «Մարտի 1»-ի գործով հարցաքննուած է: Մակինեանը հրաժարած է ըսել, թէ արդեօք երրորդ նախագահը դարձեալ կը հրաւիրուի հարցաքննութեան։
«Նախաքննութեան գաղտնիքով պայմանաւորուած գտնում ենք, որ այս փուլում այդ տուեալները հրապարակման ենթակայ չեն», – յայտարարած է փաստաբանը:
Չէ մանրամասնած նաեւ, թէ Սարգսեանը քանի անգամ հարցաքննուած է: Մամուլը, քանի մը հարցաքննութիւններու մասին գրած է: Անոնք, ըստ հրապարակումներու, բաւականին երկարատեւ եղած են՝ մինչեւ 6-ժամնոց։
Յատուկ քննչական ծառայութիւնը օրեր շարունակ այս լուրերը չէ հերքած, բայց մանրամասներ ալ չի ներկայացուցած:
Միայն երէկ Յատուկ քննչական ծառայութեան (ՅՔԾ) մամլոյ խօսնակ Մարինա Օհանջանեանը, պատասխանելով «Ազատութեան» հարցին, փոխանցած է, որ Սերժ Սարգսեանը ծառայութեան կողմէ քննուող որեւէ գործով մեղադրեալի կարգավիճակ չունի:
Իսկ հարցին, թէ արդեօք նախադրեալներ կը տեսնէ, որ երրորդ նախագահի կարգավիճակը փոխուի, անոր մեղադրանք առաջադրուի, Սարգսեանի փաստաբանը այսպէս արձագանգած է․ – «Մենք խօսում ենք փաստական տուեալներով․ պարոն Սարգսեանը վկայի կարգավիճակ ունի»։
Սերժ Սարգսեանը տեղեակ եղա՞ծ է 0038 յոյժ գաղտնի հրամանի մասին․ փաստաբանը արձագանգած է․ – «Ցանկացած հարցի՝ no comment»: