Home ՀԱՅԱՍՏԱՆ Ըստ «Լուսաւոր Հայաստան»-ի Կառավարութեան Ներկայացուցած Ծրագիրը «Վերացական» է

Ըստ «Լուսաւոր Հայաստան»-ի Կառավարութեան Ներկայացուցած Ծրագիրը «Վերացական» է

by MassisPost

Կառավարութեան ներկայացուցած ծրագիրը ընդդիմադիր «Լուսաւոր Հայաստան»-ը «վերացական» որակած է: Կուսակցութեան խորհրդարանական խմբակցութեան քարտուղար Գէորգ Գորգիսեանը ըսած է՝ մանրամասն քննադատութիւնը Ազգային ժողովի դահլիճէն ներս պիտի ներկայացնեն, սակայն հիմնական խնդիրը, ըստ իրենց, այն է, որ ծրագրին մէջ շատ քիչ են «ինչո՞ւ» եւ «ինչպէ՞ս» հարցերու պատասխանները, նշուած վերջաժամկէտներն ու չափելու ցուցանիշները:

« «Ինչո՞ւ» հարցին պատասխան չտուող եւ ոչ այնքան առարկայական դրոյթներ պարունակող փաստաթուղթ է։ Այսինքն հիմնականում բարի կամքի արտայայտութիւն էր: Առարկայական ոչինչ չկար եւ շատ վտանգաւոր էր, որ ռազմավարական, անվտանգութեան ոլորտներում որոշակի յստակ դրոյթներ պակասում են», – ընդգծած է ան, շարունակելով. «Մեր նպատակը ուղղակի քննադատելը չէ, մենք չենք ուզում, որպէսզի կառավարութիւնը ձախողուի, ընդհակառակը՝ հիմա կառավարութեան ձախողուելը երկրի ձախողուելն է, մենք դա լրջագոյն գիտակցում ենք, մեր առաքելութիւնը թոյլ չտալն է այդ ձախողումը։ Մեր ամբողջ քննադատութիւնը ուղղուած է դրան, որ, պարոնայք, մի հատ սկսէք աշխատել»։

Տնտեսական յեղափոխութեան նախադրեալներ եւս Գորգիսեանը փաստաթուղթին մէջ չի տեսներ:

«Տեսլականը, որ մենք ունենալու ենք տնտեսական հրաշք, ես չեմ տեսնում այս ծրագրում։ Ես թուականներ ուղղակի փնտռեցի, թէ ինչ նշաձողեր են, էսպէս, դրած։ Ընդամէնը 12 նման թիւ կար ամբողջ 69-էջանոց ծրագրում։ Իհարկէ քիչ է, որովհետեւ ծրագիրը պէտք է լինի մօտաւորապէս ճանապարհային քարտէզ, որ դէպի ուր ենք գնում, ինչի համար եւ ինչպէս», -ըսած է Գորգիսեանը։

Ֆինանսներու նախարար Ատոմ Ջանջուղազեանը համաձայն չէ՝ թիւերու առկայութիւնը կամ բացակայութիւնը չի կրնար խօսիլ ծրագրի արժանիքներուն մասին:

«Իմ քայլը» դաշինքէն Պետաիրաւական յանձնաժողովի նախագահ Վլատիմիր Վարդանեանն ալ հակադարձած է քննադատութեան, թէ ծրագիրը վերացական է։

«Լաւ ծրագիր, այսինքն՝ ապագային միտուած ծրագիր։ Չափազանց կարեւոր է, որ այդ ծրագիրը միտուած է ապագային, եւ մեր դերակատարութիւնը նաեւ նրանում է, որ մենք կարողանանք օժանդակել կառավարութեանը եւ համապատասխան վերահսկողութիւն իրականացնենք, որպէսզի այդ ծրագիրը կեանքի կոչուի։ Անցումային արդարադատութեան վերաբերեալ որոշակի նշումներ կան, չի օգտագործւում եզրոյթը անցումային արդարադատութեան, բայց եթէ ուսումնասիրէք փաստաթուղթը բովանդակային առումով, ապա կը տեսնէք, որ այնտեղ, այդուհանդերձ, անցումային արդարադատութեան որոշակի դրուագներին, որոշակի հարցերին նուիրուած դրոյթներ կան», – նշած է Վարդանեանը։

«Իմ քայլը» դաշինքի պատգամաւոր Նիքոլայ Պաղտասարեանը ըսած է՝ գործողութիւններու ծրագիրը առանձին փաստաթուղթ է, կառավարութեան ծրագրին մէջ ընդհանուր հայեցակարգային դրոյթներ կը գրուին:

Թէ ինչպէ՞ս կը քուէարկէ կառավարութեան ծրագրին, «Լուսաւոր Հայաստանը» դեռ չէ որոշած:

«Ազատութեան» հարցին՝ հնարաւո՞ր է, որ դէմ քուէարկէ, Գորգիսեանը պատասխանած է. – «Չի բացառւում։ Իսկ կառավարութեանը ինչպէ՞ս է պէտք սթափութեան կոչ անել։ Կառավարութեանը հենց նման բաներով են սթափեցնում»։

«Բարգաւաճ Հայաստան» խմբակցութիւնը դեռ կարծիք չէ յայտնած, խմբակցութեան պատգամաւոր Նայիրա Զոհրապեանը ըսած է՝ ինքը ծրագիրը չէ կարդացած, խմբակցութեան մէջ ալ այն դեռ չեն քննարկած:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment