Home ԳԼԽԱՒՈՐ ԼՈՒՐԵՐ Մենք Այս Հայրենիքը Ոեւէ Մէկուն Չենք Զիջիր, Մենք Այս Յաղթանակը Ոեւէ Մէկուն Չենք Զիջիր. Փաշինեանի Շնորհաւորական Ուղերձը

Մենք Այս Հայրենիքը Ոեւէ Մէկուն Չենք Զիջիր, Մենք Այս Յաղթանակը Ոեւէ Մէկուն Չենք Զիջիր. Փաշինեանի Շնորհաւորական Ուղերձը

by MassisPost

Հայաստանի Հանրապետութեան վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան, այսօր, ներկայ եղած է Բանակի օրուան՝ Հայաստանի Հանրապետութեան զինուած ուժերու կազմաւորման 27-րդ տարեդարձին նուիրուած տօնական հանդիսութեան: Նիկոլ Փաշինեան շնորհաւորական ուղերձ յղած է Բանակի օրուան առիթով, ուր, մասնաւորապէս նշած է.

«Հայաստանի Հանրապետութեան մեծարգոյ նախագահ,
Արցախի Հանրապետութեան մեծարգոյ նախագահ,
Հայաստանի Հանրապետութեան Ազգային ժողովի մեծարգոյ նախագահ,
Կառավարութեան յարգելի անդամներ,
Հայաստանի Հանրապետութեան պաշտպանութեան յարգելի նախարար,
Զինուած ուժերու գլխաւոր շտաբի պետ,
Պետական այրեր,
Հոգեւոր հայրեր,
Յարգելի հիւրեր,

Հնդկական հազարամեայ հանելուկը կը հարցնէ. ի՞նչն է, որ չես նկատեր, քանի դեռ այն չէ հեռացած: Պատասխանը հետեւեալն է. առողջութիւնը: Եւ ասացուածքին իմաստը այն է, որ առողջութիւնդ պէտք է պինդ պահես, որովհետեւ եթէ մեկնեցաւ՝ այլեւս ետ բերել չես կրնար:

Յոյս ունիմ չմտածեցիք, թէ թուղթերը խառնած եմ, եւ կը կարդամ առողջապահութեան աշխատողի օրուան նուիրուած ելոյթի նիւթը: Ի՞նչ կապ ունի ուրեմն այս ասացուածքը Հայոց բանակի 27-րդ տարեդարձին հետ:

Կապը այն է, որ անվտանգութիւնը առողջութեան նման է. քանի կայ, անիկա երբեմն կ՝ընդունուի իբրեւ ինքնին հասկնալի եւ ինքնին ենթադրուող բան մը: Եւ այսօր՝ բանակի տարեդարձին այս հանդիսաւոր օրը, կը կարծեմ արժէ մէկ անգամ եւս արձանագրել, որ այն անվտանգութիւնը, որ մենք ունինք՝ երկինքէն ինկած խնձոր չէ, այլ իրողութիւն մը, որ ձեռք բերուած է մեր բիւրաւոր ազատամարտիկներու, խորհրդային բանակին մէջ ասպարէզը ընդհատած եւ Հայոց հայրենիքի պաշտպանութեան նուիրուած սպաներու, նորանկախ պետութեան առաջին զինուոր ու սպայ դարձած առաջամարտիկներու կեանքին, առողջութեան, երբեմն բարեկեցութեան ու ապագային գնով: Եւ եթէ առողջութիւնը մեզի կու տայ բնութիւնը, մեր անվտանգութեան, տուեալ պարագային արտաքին անվտանգութեան ապահովողը մեր զինուած ուժերն են, մեր բանակը:

Ի՞նչ կը նշանակէ Հայոց բանակ. ատիկա կը նշանակէ տարուան առնուազն կէսը ընտանիքէն ու հարազատներէն հեռու, մարտական դիրքերու վրայ անքուն գիշերներ անցնող՝ ժամկէտային, պայմանագրային զինծառայողներ ու սպանէր, որոնք  պատրաստ են իրենց վրայ վերցնելու հարուածը եւ որոնք պատրաստ են ջախջախիչ հակահարուած հասցնելու՝ կանգ չառնելով ոչինչի, նոյնիսկ սեփական կեանքն ու առողջութիւնը կորսնցնելու սպառնալիքին առջեւ:

Ի՞նչ է Հայոց բանակը. ատիկա քանի մը հազար մեթր բարձրութեան վրայ գտնուող՝ ամիսներով թիկունքէն կտրուած ձիւնածածկ լեռնային մարտական դիրքերն են, միւս կողմէն՝ հարթավայրային մարտական դիրքերն են, ուր ջերմաստիճանը կրնայ գերազանցել 50 աստիճանը եւ զինուորներ, սպանէր, որոնք երբեք ետ, այսինքն՝ դէպի թիկունք չեն նայիր, այլ կը նային առաջ:

Ի՞նչ է Հայոց բանակը. ատիկա հրամանատարական, շտաբային, թիկունքային, հետախուզական ու մատակարարման ահռելի աշխատանք մըն է, որ չի կրնար դադրիլ որեւէ վայրկեան, ինչպէս չի կրնար դադրիլ շնչառութիւնը՝ քնացած ես, թէ արթուն:

Մեր զինուած ուժերը, մեր Ազգային բանակը ահա, մեր երկրի շնչառութիւնն է, որ չի դադրիր որեւէ վայրկեան՝ անկախ անկէ մեր երկիրը քնացա՞ծ է, թէ՝ արթուն, եւ շատ յաճախ մեր բանակի ներկայութիւնը մեր առօրեայ կեանքին մէջ, իւրաքանչիւր գիւղի, քաղաքի, իւրաքանչիւր տան մէջ մենք չենք նկատեր, ինչպէս չենք նկատեր մեր շնչառութիւնը: Եւ այսօր Հայոց փառապանծ բանակի ծննդեան 27-րդ տարեդարձն է, եւ մենք այսօր այստեղ հաւաքուած ենք առաջին հերթին մեր խոնարհումը բերելու մեր բոլոր նահատակներուն, մեր բոլոր ազատամարտիկներուն, սպաներուն, զինուորներուն, որոնց զոհողութեան վրայ կառուցուած է մեր պետութիւնն է ու անկախութիւնը, մեր բանակն ու անվտանգութիւնը, մեր գնահատանքի տուրքը տալու մեր բոլոր զինուորներուն, սպաներուն եւ զօրավարներուն, որոնք ազնիւ ծառայած են եւ կը ծառայեն Հայոց բանակին:

Մենք հաւաքուած ենք մեր յարգանքի խօսքը բարձրաձայնելու բոլոր այն ծնողներուն ու կանանց, որոնք անխոնջ կը կրեն զինուորական զաւակ կամ ամուսին ունենալու անհանգիստ հպարտութիւնը:

Մենք այսօր հաւաքուած ենք վերահաստատելու մեր ուխտը մեր նախնիներուն, մեր հերոսներուն ու նահատակներուն, մեր առասպելական զօրահրամանատարներուն ու զինուորներուն առջեւ. մենք այս հայրենիքը ոեւէ մէկուն չենք զիջիր, մենք այս յաղթանակը ոեւէ մէկուն չենք զիջիր:

Եւ ուրեմն՝ կեցցէ՛ Հայաստանի Հանրապետութիւնը, կեցցէ՛ Արցախի Հանրապետութիւնը, փա՛ռք Հայոց յաղթանակած բանակին:

Շնորհաւոր Հայոց բանակի 27-րդ տարեդարձը: Շնորհակալ եմ»:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment