Home ԳԼԽԱՒՈՐ ԼՈՒՐԵՐ Հայաստանի եւ Արցախի Ղեկավարները, Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսը Այցելած են Եռաբլուր

Հայաստանի եւ Արցախի Ղեկավարները, Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսը Այցելած են Եռաբլուր

by MassisPost

Բանակի օրուան առթիւ վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանը, ՀՀ նախագահ Արմէն Սարգսեանի, Արցախի Հանրապետութեան նախագահ Բակօ Սահակեանի, Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Գարեգին Բ Ծայրագոյն Պատրիարք եւ Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսի, ՀՀ Ազգային ժողովի նախագահ Արարատ Միրզոյեանի եւ Ազգային անվտանգութեան խորհուրդի անդամներու հետ, Պաշտպանութեան նախարարութեան եւ Զինուած ուժերու ղեկավար կազմի ուղեկցութեամբ այցելած է «Եռաբլուր» զինուորական պանթէոն՝ յարգանքի տուրք մատուցելու իրենց կեանքը Հայրենիքի անկախութեան համար զոհաբերած հայորդիներու յիշատակին:

yeraplur-2

Վարչապետը ծաղիկներ դրած է սպարապետ Վազգէն Սարգսեանի, Անդրանիկ Օզանեանի շիրիմներուն, անյայտ կորած ազատամարտիկներու յուշակոթողին եւ ծաղկեպսակ՝ զոհուած ազատամարտիկներու յիշատակը յաւէրժացնող յուշահամալիրին:

Նիկոլ Փաշինեանը ծանօթացած է նաեւ «Եռաբլուր» զինուորական պանթէոնի թանգարանի կառուցման նախագիծին եւ շինարարական աշխատանքներու ընթացքին։

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment