Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու տնտեսական նախարարութիւնը պատժամիջոցներ սահմանած է Երեւանի մէջ տեղակայուած Flight Travel LLC ընկերութեան նկատմամբ, որ ընդհանուր վաճառքի գործակալի կարգավիճակով ծառայութիւններ կը մատուցէ արդէն պատժամիջոցներու ցանկին մէջ գտնուող իրանական մէկ այլ ընկերութեան՝ Mahan Air-ին:
Ըստ ամերիկեան կողմի, Flight Travel LLC ընկերութիւնը Հայաստանի մէջ կը ներկայացնէ Mahan Air-ի շահերը եւ կը գործէ այդ ընկերութեան անունով:
Բացի այդ, Միացեալ Նահանգներու տնտեսութեան նախարարութիւնը պատժամիջոցներ սահմանած է Իրանի աջակցութեամբ Սուրիոյ մէջ մարտնչող օտարերկրացիներէ կազմուած երկու խմբաւորումներու եւ իրանական մէկ այլ օդանաւայի ընկերութեան՝ Qeshm Fars Air-ի նկատմամբ:
Տնտեսութեան նախարարութեան փոխանցմամբ, պատժամիջոցներու ենթարկուած բոլոր չորս նոր միաւորները կապ ունին Իրանի «Յեղափոխականներու պահակախումբի» մաս կազմող «Ալ Քուտս» անունով յատուկ ռազմաքաղաքական ստորաբաժանման հետ համագործակցող Mahan Air օդանաւային ընկերութեան հետ: