Home ԳԼԽԱՒՈՐ ԼՈՒՐԵՐ Նիկոլ Փաշինեանը Հեռախօսազրոյց Ունեցած է Ճոն Պոլթընի Հետ

Նիկոլ Փաշինեանը Հեռախօսազրոյց Ունեցած է Ճոն Պոլթընի Հետ

by MassisPost

Նիկոլ Փաշինեանը հեռախօսազրոյց ունեցած է ԱՄՆ նախագահի ազգային անվտանգութեան հարցերով խորհրդական Ճոն Պոլթոնի հետ, այս մասին իր ֆէյսպուքեան էջին գրառում կատարած է Հայաստանի վարչապետը։

Զրոյցի ընթացքին քննարկուած են տարածաշրջանային իրավիճակին եւ երկկողմ յարաբերութիւններուն վերաբերող հարցեր: Փաշինեանը յատուկ շեշտած է, որ Արցախի հարցին անդրադարձ չէ եղած:

«Պայմանաւորուեցինք շարունակել քննարկումները մեր յարաբերութիւնների յետագայ զարգացման շուրջ»,- գրած է Հայաստանի վարչապետը:

Տանըլտ Թրամփի խորհրդականը Հայաստան ժամանած էր անցած Հոկտեմբերին, հանդիպած վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի, արտաքին գործոց նախարար Զոհրապ Մնացականեանի, պաշտպանութեան նախարար Դաւիթ Տօնոյեանի եւ Անվտանգութեան խորհուրդի քարտուղար Արմէն Գրիգորեանի հետ։

«Ազատութեան» հայկական ծառայութեան տուած հարցազրոյցի ժամանակ Սպիտակ տան ազգային անվտանգութեան հարցերով խորհրդականը յայտարարած էր, թէ ԱՄՆ-ը, Թրամփի վարչակազմը Հայաստանի հետ յարաբերութիւնները որպէս բարձր առաջնահերթութիւն կը դիտարկեն։

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment