Home ԱՅԼԱԶԱՆ Ալեքսիս Օհանեանը Կ’ուզէ Հայաստանը Վերադարձնել Ոգելից Խմիչքներու Միջազգային Քարտէզ. «Ֆորպզ»

Ալեքսիս Օհանեանը Կ’ուզէ Հայաստանը Վերադարձնել Ոգելից Խմիչքներու Միջազգային Քարտէզ. «Ֆորպզ»

by MassisPost

Հեղինակաւոր «Ֆորպզը» անդրադարձած է ամերիկեան Reddit ընկերային կայքի հիմնադիր Ալեքսիս Օհանեանի նոր նախաձեռնութեան՝ հայկական կոնեակի արտադրութեան՝ պնդելով, որ Օհանեան կ’ուզէ Հայաստանը վերադարձնել ոգելից խմիչքներու միջազգային քարտէզ, իր նոր քոնեակով՝ «Շախմատով»:

«Ֆորպզը» կը պատմէ. – «35-ամեայ Օհանեանը կը սերի ցեղասպանութիւնը վերապրած հայերու ընտանիքէ: 2010-էն՝ առաջին անգամ Հայաստան այցելելէն ետք, ան կը մտմտար, թէ ինչպէս կրնայ արժանին մատուցել հայրենիքին եւ Հայաստանէն կտոր մը տանիլ իր հետ Միացեալ Նահանգներ: Անցած տարի, ծանօթանալով քոնեակը ծիրանի հետ ըմբոշխնելու հայկական աւանդոյթին, ան որոշեց այն համաշխարհային դարձնել»:

«Հայերը իսկապէս կը հպարտանան հայկական քոնեակով, սակայն, Հայաստանէն ու հայկական համայնքէն դուրս որեւէ մէկը անոր մասին չի գիտեր, ինչը իսկապէս ամօթ է», – ըսած է Օհանեանը՝ աւելցնելով․ – «Քոնեակ խմելը հայկական սովորոյթ է, որ դարերու պատմութիւն ունի, համայնքէն ներս այդ մասին բոլորը գիտեն ու կը սիրեն: Սակայն, Ուինսթըն Չըրչըլէն բացի, ով հայկական քոնեակի սիրահարն էր, այն չէ տարածուած աշխարհով մէկ, ինչով ալ ես հիմա կ’ուզեմ զբաղուիլ»:

«Ֆորպզին» տուած հարցազրոյցի ժամանակ Օհանեանը նշած է, որ մանկութենէն սորված է շախմատ խաղալ, եւ այդ հմտութիւնները հիմա կը կ’իրառէ պիզնեսի մէջ: Պիզնեսի մէջ, ինչպէս եւ՝ շախմատի, իրական մարտահրաւէրը այն է, որ գիտնաս՝ երբ պէտք է քայլդ առնես», – ըսած է Օհանեանը, բացատրելով, թէ ինչու ներդրումային այս ծրագիր հիմա սկսած է: – «Հայաստանը կ’արդիականանայ՝ խաղաղ յեղափոխութենէն ետք, պատմութեան մէջ նոր էջ բացուած է», – ըսած է ամերիկահայ գործարարը՝ պատմելով վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի հետ հանդիպման մասին: – «Այդ իրօք հրաշալի հանդիպում էր, ամբողջ երկրին մէջ կայ զգացուող լաւատեսութիւն, որովհետեւ աշխատանքը, որ ան ըրած է եւ կը շարունակէ, կը նուազեցնէ կաշառակերութիւնը, զարգացում կ’ապահովէ, ինչը ոգեւորիչ է։ Հայերը կը բարգաւաճին ողջ աշխարհին մէջ, եւ ուրեմն ճիշդ կ’ըլլայ, որ բարգաւաճին նաեւ հայրենիքի մէջ», – նշած է ամերիկահայ գործարարը:

Պատմելով քոնեակի արտադրութեան մասին՝ Օհանեանը «Ֆորպզին» ըսած է. – «Խաղողը պիտի ըլլայ բացառապէս հայկական, փայտը՝ կովկասեան կաղնիէն: Այդ պատճառով ալ որոշած ենք համագործակցիլ Armenian Tree Project-ի հետ՝ ցոյց տալու համար աշխարհին հայկական լաւագոյն աւանդոյթները, ինչպէս նաեւ Հայաստանի բնական պաշարները: Քոնեակի հիմքը 23 տարուան հնացուած հումքն է, շատ բարձրորակ»,- ըսած է Օհանեանը՝ ընդգծելով. – «Մեզի համար շատ կարեւոր է, որ մարդոց առաջին ծանօթութիւնը հայկական մշակոյթին ու պատմութեան ըլլայ բարձրակարգ: Ես վստահեցուցած եմ Flaviar-ի խումբին, որ ոչ մէկ բանի վրայ պիտի տնտեսենք, որպէսզի «Շախմատի» համը իսկապէս անմոռանալի ու տպաւորիչ ըլլայ»:

Աւելի վաղ գործարարը հաղորդած էր, որ «Շախմատի» վաճառքէն ստացուելիք հասոյթի մէկ մասը պիտի ուղղուի բարեգործական Armenia Tree Project ծրագրին, որ վերջին 20 տարուան ընթացքին 5,5 միլիոն ծառ տնկած է Հայաստանի մէջ, վերականգնած անտառներն ու նպաստած նոր աշխատատեղերու ստեղծման:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment