Home ԳԼԽԱՒՈՐ ԼՈՒՐԵՐ Սպանիոյ մէջ Հայկական Խոշոր Յանցախումբ Ձերբակալուած է

Սպանիոյ մէջ Հայկական Խոշոր Յանցախումբ Ձերբակալուած է

by MassisPost

Սպանիոյ ոստիկանութիւնը՝ Եւրոփոլի աջակցութեամբ, հայկական խոշոր յանցաւոր խումբ ձերբակալած է՝ թենիսի պայմանաւորուած խաղեր կազմակերպելու մեղադրանքով: Եւրոփոլի հաղորդագրութեան համաձայն՝ ձերբակալուած է 83 մարդ, այդ շարքին՝ 28   արհեստավարժ   թենիսի մարզիկներ, որոնցմէ մէկը մասնակցած է Ամերիկայի վերջին բաց առաջնութեան:

Գործի քննութեամբ պարզուած է, որ կասկածեալները կաշառած են  արհեստավարժ խաղացողները, որպէսզի վերջիններս իրենց ցանկալի արդիւնքը ապահովեն, ապա, օգտագործելով հազարաւոր մարդոց անձնական տուեալները, խաղադրոյքներ կատարած են այդ խաղերուն ու հսկայական գումարներ վաստակած: Յանցաւոր խմբաւորման անդամներուն ու անոնց հետ համագործակցող թենիսիսթներուն անունները իրաւապահները դեռ չեն բացայայտած, չեն նշած նաեւ՝ ձերբակալուած հայերը Հայաստանի՞, թէ՞ այլ երկրի քաղաքացիներ են:

Երէկ սպանացի ոստիկանները յատուկ գործողութիւն իրականացուցած են, որու ընթացքին խուզարկուած է 11 տուն՝ Սպանիոյ 9 տարբեր նահանգներու մէջ: Առգրաւուած է 137 հազար եւրօ գումար, զէնք, տասնեակ համակարգիչներ, 5 շքեղ մեքենաներ, ոսկեայ զարդեր ու շքեղութեան այլ պարագաներ: 42 դրամատնային քարթ ու հաշիւ սառեցուած է: 83 կասկածեալներէն 15-ի վերաբերեալ դատարանը արդէն կալանաւորման որոշում կայացուցած է, մեղադրանք առաջադրուած է շարք մը յօդուածներով, այդ շարքին՝ փողերու լուացման ու զէնք պահելու համար: 68-ի մասով քննութիւն կ’ընթանայ:

«Այս պահուն մեր ունեցած փաստերը կը վկայեն, որ յանցախումբը սկսած է գործել 2017 թուականի փետրուարէն, այս ընթացքին, մեր հաշուարկներով, անոնք միլիոնաւոր եւրոներու շահոյթ ստացած են ապօրինի ճանապարհով», – ըստ Reuters լրատուական գործակալութեան, յայտարարած է Սպանիոյ ոստիկանութիւնը:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment