Home ՀԱՅԱՍՏԱՆԱՐՑԱԽ Մարիա Զախարովա․Ռուսաստանը Միշտ Կողմ է, որ ԼՂ Խնդիրը Հնարաւորինս Շուտ Կարգաւորուի

Մարիա Զախարովա․Ռուսաստանը Միշտ Կողմ է, որ ԼՂ Խնդիրը Հնարաւորինս Շուտ Կարգաւորուի

by MassisPost

«Ղարաբաղեան կարգաւորման հարցին վերաբերեալ Ռուսաստանը ժամանակային սահմանափակումներ չի դներ: Եթէ այդուհանդերձ խօսինք ժամանակի մասին, մենք միշտ կողմ ենք, որ խնդիրը հնարաւորինս շուտ կարգաւորուի: Ցաւօք, սա երկարատեւ հարց է: Ինչը կախուած կ’ըլլայ Ռուսաստանէն, որպէս ԵԱՀԿ Մինսքի խումբի համանախագահ երկիր, եւ երկիր, որ ընդհանուր պատմութիւն ունի թէ՛ Ատրպէյճանի եւ թէ՛ Հայաստանի հետ, Ռուսաստանը կ’ընէ», – այս տարի հրաւիրուած առաջին մամլոյ ասուլիսի ժամանակ պատասխանելով հարցին, թէ ինչպէս Ռուսաստանը կը պատկերացնէ ղարաբաղեան հակամարտութեան կարգաւորումը 2019 թուականին՝ ըսած է երկրի արտաքին գործոց նախարարութեան պաշտօնական ներկայացուցիչ Մարիա Զախարովան:

Զախարովան ըսած է նաեւ, որ որեւէ տեղեկութիւն չունի Ռուսաստանի նախաձեռնութեամբ Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի արտաքին գործոց նախարարներու հանդիպումներ կազմակերպելու վերաբերեալ:

Տմիթրի Մետւետեւի նախագահութեան տարիներուն Ռուսաստանը աշխուժօրէն կը միջնորդէր Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի թէ՛ արտաքին գործոց նախարարներու եւ թէ՛ նախագահներու հանդիպումներու կազմակերպելու հարցին: Նախագահներու շուրջ տասը հանդիպում կազմակերպուած էր: Ռուսաստանի այս նախաձեռնութիւնը, սակայն, տապալուած էր 2011-ին Քազանի մէջ:

Ասուլիսի ժամանակ Զախարովան անդրադարձած է նաեւ Ատրպէյճանէն պարբերաբար արտաքսուող ազգութեամբ հայ Ռուսաստանի Դաշնութեան  քաղաքացիներու հարցին՝ յայտարարելով, թէ Ատրպէյճանէն ազգութեամբ հայերը արտաքսելը մարդու իրաւունքներու կոպիտ խախտում է, եւ այն չարտացոլեր Ռուսաստանի եւ Ատրպէյճանի միջեւ առկայ բարեկամական յարաբերութիւններու ոգին:

«Անցեալ տարի մեզի յայտնի դարձաւ առնուազն 16 դէպք, երբ ազգային ծագման պատճառով ռուսաստանցիներուն թոյլ չեն տուած մտնել Ատրպէյճան», – ըսած է Զախարովան՝ աւելցնելով, որ նման դէպքերը, ցաւօք, կը վերածուին վատ աւանդոյթի, սխալ աւանդոյթի:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment