Home ԳԼԽԱՒՈՐ ԼՈՒՐԵՐ Սփիւռքի Հետ Յարաբերութիւններու Մակարդակ Ոչ Թէ կը Նուազեցուի, Այլ կը Բարձրացուի. Փաշինեան

Սփիւռքի Հետ Յարաբերութիւններու Մակարդակ Ոչ Թէ կը Նուազեցուի, Այլ կը Բարձրացուի. Փաշինեան

by MassisPost

«Նախընտրական խոստում ենք տուել, որ կառավարութեան կազմը, կառուցուածքը պէտք է փոխուի եւ նախարարութիւնների թիւը պէտք է կրճատուի, եւ մենք անշեղ պէտք է գնանք այդ ճանապարհով», – կառավարութեան նիստի ժամանակ յայտարարած է վարչապետի պաշտօնակատար Նիկոլ Փաշինեանը։

Փաշինեանը ընդգծած է՝ այս գործընթացի նպատակը ոչ թէ փող խնայելն է, այլ՝ կառավարութեան եւ պետական կառավարման մարմիններու արդիւնաւէտութիւնը բարձրացնելը։

«Ես ուզում եմ ուղղակի արձանագրել հետեւեալը, որ այս գործընթացի իմաստը եւ նպատակը ամենեւին էլ փող խնայելը չէ, այստեղ նպատակը շատ աւելի կարեւոր է՝ բարձրացնել կառավարութեան եւ պետական կառավարման մարմիններու արդիւնաւէտութիւնը, սա թերեւս միակ նպատակն է, որը կարելի է եւ արժէ ձեւակերպել։ Այս առումով իսկապէս շատ լուրջ աշխատանք է սպասւում», – ըսած է վարչապետի պաշտօնակատարը։

Փաշինեանը նշած է, որ թեմայի շուրջ կառավարութենէն ներս տարբեր ֆորմաթներով քննարկումներ ունեցած են եւ համոզուած են, որ պէտք է շարժիլ այս ճանապարհով։

«Մենք համոզուած ենք, որ պէտք է շարժուել այս ճանապարհով եւ, ըստ էութեան, Հայաստանի քաղաքացիներից ստացել ենք այդ մանտաթը։ Այս ընթացքում մենք, իհարկէ, կը լսենք բոլոր տեսակէտները հնարաւոր բոլոր քոնֆիկուրացիաների (ձեւերի) մասին եւ կը կայացնենք առաւել հաւասարակշռուած որոշում», – ըսած է վարչապետի պաշտօնակատարը։

Անդրադառնալով Սփիւռքի նախարարութեան՝ կառավարութեան ղեկավարը նշած է. – «Թիւր տպաւորութիւն կայ, թէ մենք ուղղակի ուզում ենք խաչ քաշել Սփիւռքի նախարարութեան վրայ, ընդհակառակը՝ տուեալ դէպքում խնդիրը շատ յստակ է ձեւակերպուած՝ սփիւռքի հետ կառավարութեան յարաբերութիւնները եւ գործակցութիւնը դարձնել առաւել արդիւնաւէտ, եւ այս առումով մենք որոշակի մօտել եւ առաջարկ ունենք, որը ենթադրում է, որ սփիւռքի հետ յարաբերութիւնների մակարդակն, ըստ էութեան, ոչ թէ կը նուազեցուի, այլ կը բարձրացուի, եւ մենք այդ մօտելի վերաբերեալ յառաջիկայում նաեւ քննարկումներ կ’ունենանք սփիւռքի մեր հայրենակիցների հետ։ Յոյս ունեմ, որ այս հարցի վերաբերեալ կը հասնենք համաձայնութեան եւ կոնսենսուսի։ Էլի եմ ասում՝ այստեղ մեր խնդիրը յարաբերութիւնների արդիւնաւէտութեան մակարդակի բարձրացումն է, որպէսզի փոխադարձաբար գոհ լինենք ինչպէս ընթացքից, այդպէս էլ արձանագրուած արդիւնքներից»: «Մենք կը գնանք հետեւողական, հաստատուն եւ մտածուած քայլերով, եւ համոզուած եմ, որ արձանագրուած լուծումները պիտի ապացուցեն իրենց կենսունակութիւնը եւ, իհարկէ, պէտք է գոհացնեն բոլոր այն մարդկանց, ովքեր մտահոգուած են Հայաստանում պետական կառավարման արդիւնաւէտութեան բարձրացման խնդիրներով եւ այդ խնդիրը համարում են իրենց լուծելիք խնդիրը», – ըսած է Փաշինեանը:

Նշենք, որ «Կառավարութեան կառուցուածքի եւ գործունէութեան մասին» օրէնքին մէջ փոփոխութիւններ եւ լրացումներ կատարելու մասին օրէնքի նախագիծով նախարարութիւններու թիւը պիտի կրճատուի 5-ով՝ դառնալով 12։ Պիտի լուծարուի Սփիւռքի նախարարութիւնը, Մշակոյթի եւ Սփորթի ու երիտասարդութեան հարցերու նախարարութիւնները պիտի միանան Կրթութեան եւ գիտութեան նախարարութեան, Էներգետիկայի (ջերմուժի) նախարարութիւնը պիտի միանայ Տարածքային կառավարման նախարարութեան, Գիւղատնտեսութեան նախարարութիւնը պիտի միանայ Տնտեսական զարգացման նախարարութեան, իսկ Փոխադրութեան, կապի եւ տեղեկատուական թեխնոլոկիաներու նախարարութիւնը պիտի փոխուի Թեխնոլոկիաներու եւ ռազմարդիւնաբերութեան նախարարութեան։

Որոշ փորձագէտներ անընդունելի կը համարեն նման փոփոխութիւնները՝ նշելով, որ այսպիսով կը ստեղծուին սուփըրնախարարութիւններ, որոնք ընդամէնը պիտի դանդաղեցնեն պետական մարմնի գործունէութիւնը՝ չափազանց մեծ ծաւալի պատճառով։

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment