Home ԳԼԽԱՒՈՐ ԼՈՒՐԵՐ Թրամփը Պատի Առջեւ

Թրամփը Պատի Առջեւ

by MassisPost

Մեծահարուստ գործարար Տանոլտ Թրամփ երբ յայտարարեց նախագահական ընտրութիւններուն իր թեկնածութիւնը, խոստացաւ Մեքսիքոյի հետ հարաւային սահմանի ամբողջ երկայնքով հսկայ պատ կառուցել՝ գաղթականերու հոսքը դադրեցնելու նպատակով: Ան աւելցուց որ այդ պատի կառուցման ծախսերը պիտի վճարէ Մեքսիքոն ինքը:

Պատի կառուցումը եւ Մեքսիքոյի կողմէ ծախսերը վճարելը դարձան Թրամփի ընտրարշաւի գլխաւոր լօզունգները: Միլիոնաւոր Ամերիկացիներ հաւատալով այդ անիրագործելի խոստումին քուէարկեցին Թրամփին ի նպաստ:

Դրացի երկիրը բնականաբար մերժեց խօսիլ վճարում կատարելու մասին, իսկ իր պաշտօնավարման առաջին երկու տարիներու ընթացքին Տանոլտ Թրամփ փորձեց եւ ձախողեցաւ Գոնկրէսի կողմէ յատկացումներ ապահովել պատի շինութեան համար, հակառակ որ ամբողջ իշխանութիւնը կը գտնուէր Հանրապետականներուն ձեռքը:

Նոյեմբերին կայացած ընտրութիւններէն ետք կացութիւնը աւելի բարդացաւ, երբ Ներկայացուցիչներու Պալատը անցաւ Դեմոկրատներուն կողմը: Այժմ Թրամփ սկսած է մտահոգուիլ երկու տարի ետք կայանալիք նախագահական ընտրութիւններով: Յանկարծ ան կ՛անդրադառնայ, որ իր այս գլխաւոր խոստումը պիտի չկարողանայ իրագործել՝ յուսախաբութեան մատնելով իր կողմնակիցները:

Այս օրերուն Միացեալ Նահանգները կը գտնուի ներքին տագնապի առջեւ: Նախագահը կը մերժէ ստորագրել Գոնկրէսի կողմէ տարեկան յատկացումներու օրինագիծը՝ պահանջելով որ, 5.7 միլիառ տոլար յատկացում մը ընդգրկուի պատի կառուցման համար: Դեմոկրատները կը մերժեն ընդառաջել այդ խնդրանքին՝ պատի կառուցումը նկատելով անբարոյական, անգործնական ու ծախսալից: Այս պատճառաւ երեք շաբաթներէ ի վեր կեդրոնական կառավարութիւնը մասնակիօրէն փակ է, 800 հազար պաշտօնեաներ զրկուած են իրենց աշխատավարձերէն եւ դադրած են գործել շարք մը պետական սպասարկութիւններ: Յառաջիկայ օրերուն տագնապի ազդեցութիւնը պիտի տարածուի նաեւ միլիոնաւոր այլ քաղաքացիներու վրայ:

Ամերիկացիներու մեծամասնութեան կարծիքով նախագահն է մեղաւորը ստեղծուած այս անել կացութեան համար: Երեքշաբթի երեկոյան, Սպիտակ Տունէն պատգամ յղելով Թրամփ փորձեց համոզել ժողովուրդին, որ իր մօտեցումը աւելի ճիշդ է: Թէ ինչ ազդեցութիւն պիտի ունենան նախագահի խօսքերը, ցոյց պիտի տան յառաջիկայ օրերը, մինչ այդ Թրամփ ու իր հետ ամբողջ Ամերիկան կը գտնուին պատի առջեւ:
«ՄԱՍԻՍ»

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment