Home ԳԼԽԱՒՈՐ ԼՈՒՐԵՐ ՀՀ Նորընտիր Ազգային Ժողովի Կին Պատգամաւորներու Թիւը 14-ով Կ’աւելնայ

ՀՀ Նորընտիր Ազգային Ժողովի Կին Պատգամաւորներու Թիւը 14-ով Կ’աւելնայ

by MassisPost

ՀՀ նորընտիր Ազգային ժողովի կին պատգամաւորներու թիւը պիտի ըլլայ 32. նախորդ գումարման խորհրդարանէն ներս անոնք 18-ն էին: «Արմէնբրես»-ի հաղորդմամբ՝ կանայք պիտի կազմեն 7-րդ գումարման ԱԺ-ի 132 պատգամաւորներու մօտ 25 տոկոսը:

«Իմ քայլը» դաշինքէն խորհրդարանին մէջ պիտի ըլլայ 23 կին պատգամաւոր։ Անոնցմէ մէկը՝ Լենա Նազարեանը առաջին անգամ չէ, որ պատգամաւորի մանտաթ կը ստանայ: Նազարեանը 6-րդ գումարման Ազգային ժողովին մէջ եղած է «Ելք» խմբակցութեան ղեկավար:

«Իմ քայլը» դաշինքի կին պատգամաւորներն են Լիլիթ Մակունցը, Հռիփսիմէ Գրիգորեանը, Տաթեւիկ Գասպարեանը, Թագուհի Թովմասեանը, Արփինէ Դաւոյեանը, Լիլիթ Ստեփանեանը,  Սոֆիա Յովսէփեանը, Նազելի Պաղտասարեանը, Մարիա Կարապետեանը, Նարինէ Խաչատուրեանը, Գայիանէ Աբրահամեանը, Լուսինէ Պատալեանը, Անուշ Բեղլոյեանը, Հերիքնազ Տիգրանեանը, Աննա Կարապետեանը, Քրիսթինէ Պօղոսեանը, Թագուհի Ղազարեանը, Սոնա Ղազարեանը, Մերի Գալստեանը, Տաթեւիկ Հայրապետեանը, Ծովինար Վարդանեանը եւ Արուսեակ Ջուլհակեանը:

«Բարգաւաճ Հայաստան» կուսակցութենէն խորհրդարանին մէջ պիտի ըլլան  5 կին պատգամաւոր: Անոնք բոլորն ալ ունին պատգամաւորի փորձառութիւն: Նաիրա Զոհրապեանը, Նորա Առուստամեանը, Իւեթա Տօնոյեանը, Շաքէ Իսայեանն ու Կարինէ Պօղոսեանը  ներկայացուած եղած են 6-րդ գումարման Ազգային ժողովին «Ծառուկեան» խմբակցութենէն: Ի դէպ, նախորդ գումարման ազգային ժողովին ամենամեծ թիւով կին պատգամաւորներ ունէր «Ծառուկեան» խմբակցութիւնը՝ 9 պատգամաւոր:

«Լուսաւոր Հայաստան» կուսակցութեան 4 կին պատգամաւորներէն Մանէ Թանդիլեանը եւս առաջին անգամը չէ, որ մանտաթ կը ստանայ: Նախքան ՀՀ աշխատանքի եւ ընկերային հարցերու նախարարի պաշտօնը զբաղեցնել Թանդիլեանը ներկայացուած եղած է 6-րդ գումարման ԱԺ-ի մէջ «Ելք» խմբակցութենէն: 7-րդ գումարման Ազգային ժողովէն ներս «Լուսաւոր Հայաստան» կուսակցութենէն պիտի ըլլան նաեւ Անի Սամսոնեանը, Աննա Կոստանեանն ու Սրբուհի Գրիգորեանը: Անի Սամսոնեանը մինչ այս եղած է նաեւ Երեւանի աւագանիի «Լոյս» խմբակցութեան անդամ:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment