Home ԳԼԽԱՒՈՐ ԼՈՒՐԵՐ Երեւանը եւ Ասթանան Կոչ Կ՛ուղղեն Ազգամիջեան Երանգ Չտալ՝ Հայերու Մասնակցութեամբ Տեղի Ունեցած Միջադէպին

Երեւանը եւ Ասթանան Կոչ Կ՛ուղղեն Ազգամիջեան Երանգ Չտալ՝ Հայերու Մասնակցութեամբ Տեղի Ունեցած Միջադէպին

by MassisPost

Հայաստանի եւ Ղազախստանի բարձրաստիճան պաշտօնեաները կը վստահեցնեն, որ Քարականտա քաղաքին մէջ տեղի ունեցած ողբերգական միջադէպը ազգամիջեան բնոյթ չի կրեր:

Յունուար 1-ին, Քարականտայի ճաշարաններէն մէկուն մէջ Հայերու եւ տեղացիներու մէջ տեղի ունեցած վէճը վերածուած է ծեծկռտուքի, որու ընթացքին դանակահարուած է երիտասարդ ղազախ Ժանսէիթ Պակըթժանովը, որ հետագային մահացած է հիւանդանոցին մէջ: Երկու այլ անձիք վիրաւորուած են:

Յաջորդ օրերուն Քարականտայի մէջ սկսած են բողոքի ցոյցեր՝ Հայերու դէմ: Քաղաքին մէջ տեղի ունեցած է բազմամարդ ցոյց, որու մասնակիցները մտավախութիւն յայտնած են, թէ մեղաւորները անպատիժ կը մնան, անոնք կը կաշառեն իրաւապահները եւ կը յայտնուին ազատութեան մէջ:

«Ոչ ոք կ՛ազատի. այդ գործը կը գտնուի հանրային եւ իշխանութեան բարձր օղակներու վերահսկողութեան տակ: Հետաքննութիւնը պիտի շարունակուի այնքան ժամանակ, մինչեւ յանցագործները պատժուին», – ցուցարարներու հետ հանդիպման ժամանակ յայտարարած էր Քարականտայի շրջանի ղեկավար Երլան Քոշանովը՝ հաւաստիացնելով, որ երեք օրուան ընթացքին կը ձերբակալուի նաեւ հետախուզման մէջ գտնուող գլխաւոր կասկածեալը:

Միջադէպի մասնակիցներէն Թորգոմ Մալխասեանը եւ Սոխակ Մալխասեանը ձերբակալուած են, իսկ Նարեկ Գուրուրեանի նկատմամբ յայտարարուած է հետախուզում:

Անդրադառնալով Ղազախստանի Քարականտա քաղաքին մէջ հայերու եւ ատրպէյճանցիներու միջեւ տեղի ունեցած մահուան ելքով բախման միջադէպին, Նիկոլ Փաշինեանը ցաւակցութիւն յայտնած է զոհուածի հարազատներուն:

«Ուզում եմ ընդգծել, որ այդտեղ չի կարող լինել ազգամիջեան որեւէ քոնթեքսթ, որովհետեւ որքան ինձ են զեկուցել, բախում ունեցած երկու խմբերն ազգային առումով միատարր չեն եղել, եւ դանակահարող խմբի մէջ ազգութեամբ ղազախ քաղաքացի է եղել»,- ըսած է Փաշինեան:

Քարականդայի ողբերգութեան անդրադարձած են Ղազախստանի խորհրդարանի պատգամաւորները: Իրինա Սմիրնովայի համոզմամբ, տեղի ունեցածը Ղազախստանի մէջ երիտասարդական եւ տեղեկատուական քաղաքականութեան ձախողման արդիւնք է:

Պատգամաւոր Պաւէլ Քազանցեւը յորդորած է անհարկի չշահարկել թեման: Անոր խօսքով, կենցաղային հողի վրայ տեղի ունեցած յանցագործութիւնը պէտք է մանրազննուի եւ հրապարակային հետաքննուի եւ վճիռ կայացուի:
Պատգամաւոր Սերիք Սեփիեւը համոզուած է, որ սպանութիւնը կենցաղային հողի վրայ կատարուած է:

Համացանցի մէջ կը շրջանառուի կասկածեալ Նարեկ Գուրուրեանին վերագրուող տեսաուղերձ մը, որու մէջ ան կը խոստովանի, որ մասնակցած է ծեծկռտուքին, սակայն սպանութիւն չէ կատարած:

Ղազախստանի ներքին գործոց նախարարութեան մամլոյ խօսնակ Ալմաս Սատուպաեւը Գուրուրեանին յորդորած է ներկայանալ ոստիկանական բաժանմունք եւ հաւաստիացուցած է, որ անոր իրաւունքները կ’երախշաւորեն օրէնքով:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment