Home ՀԱՅԱՍՏԱՆ Մանուէլ Գրիգորեանի Կողմէ Տարածքներու Նուիրաբերումը Պետութեան Դեռ Վերջնական Փուլին Չէ Հասած. Մարզպետ

Մանուէլ Գրիգորեանի Կողմէ Տարածքներու Նուիրաբերումը Պետութեան Դեռ Վերջնական Փուլին Չէ Հասած. Մարզպետ

by MassisPost

Երկրապահ կամաւորներու միութեան (ԵԿՄ)  նախկին նախագահ, զօրավար Մանուէլ Գրիգորեանի կողմէ պետութեան տարածքներու նուիրաբերութիւնը  դեռ վերջնական փուլին չէ հասած: Այս մասին NEWS.am-ին ըսած է Արմաւիրի մարզպետ Համբարձում Մաթեւոսեանը։

«Այդ տարածքների նուրաբերման հետ կապուած դեռ խնդրայարոյց  հարցեր կան, քննչական մարմինները  այստեղ աշխատանքներ են տանում, հարցերը կան, որոնք պէտք է պարզուեն։ Պէտք է նաեւ պարզուի՝  տարածքը  պետական  գոյքի պալանս (հաշուեկշիռ) է անցնում, թէ  համայնքի պալանս»,– ըսած է մարզպետը։

Մարզպետը նշած է, որ տարբեր մարզերու մէջ կայ նաեւ Մանուէլ Գրիգորեանին պատկանող 40 հողատարածք, որոնց ձեռքբերման մրցոյթներուն հետ կապուած խնդրայարոյց հարցեր կան, անոնք պարզելէ ետք նոյնպէս պիտի որոշուի անոնց յետագայ ճակատագիրը։

«Օրէնքով սահմանուած կարգով անոնց ճակատագիրը կ’որոշուի, այսինքն դրանք կամ կը մնան սեփականատիրոջը, կամ կ’անցնեն համայնքներին»,– ըսած է մարզպետը։

Աւելի վաղ NEWS.am-ը յայտնած էր, որ Մանուէլ Գրիգորեանը դիմած է կառավարութեան՝ ցանկութիւն յայտնելով պետութեան նուիրել Ակնալիճ համայնքի մէջ գտնուող «Ակնալիճի կուղբաբուծական տնտեսութիւն» ընկերութեան 329 հեքթար տարածքը: Անոր փաստաբանի խօսքով, տարածքի շուկայական արժէքը մօտ 10 միլիոն տոլար է։

Նշենք, որ Ազգային ժողովի պատգամաւոր Մանուէլ Գրիգորեանը 19 յունիսին կալանաւորուած էր: Անոր մեղադրանք առաջադրուած է ՀՀ քրէական օրէնսգիրքի 235-րդ յօդուածի 2-րդ մասով՝ ապօրինի կերպով ռազմամթերք ձեռք բերելու եւ այլ անձանց հետ նախնական համաձայնութեամբ պահելու համար, ինչպէս նաեւ ՀՀ քրէական օրէնսգիրքի 179-րդ յօդուածի 3-րդ մասի 1-ին կէտով՝ խումբ մը անձերու հետ նախնական համաձայնութեամբ իւրացման եղանակով իր վստահութեան յանձնուած առանձնապէս խոշոր չափերով ուրիշի գոյք հափշտակելու համար:

21 Դեկտեմբերի ուշ երեկոյեան Երեւանի ընդհանուր իրաւասութեան դատարանը 25 միլիոն դրամ գրաւի դիմաց ազատ արձակած է Մանուէլ Գրիգորեանը։

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment