Home ԳԼԽԱՒՈՐ ԼՈՒՐԵՐ Ծերակոյտը Հաստատած է Լին Թրէյսիի Թեկնածութիւնը Հայաստանի մէջ ԱՄՆ Դեսպանի Պաշտօնին

Ծերակոյտը Հաստատած է Լին Թրէյսիի Թեկնածութիւնը Հայաստանի մէջ ԱՄՆ Դեսպանի Պաշտօնին

by MassisPost

ԱՄՆ Ծերակոյտը հաստատած է նախագահ Տանըլտ Թրամփի կողմէ առաջադրուած Լին Թրէյսիի թեկնածութիւնը Հայաստանի մէջ ԱՄՆ դեսպանի պաշտօնին:

Նշենք, որ աւելի վաղ ԱՄՆ Ծերակոյտի արտաքին յարաբերութիւններու յանձնաժողովին մէջ անցած լսումներու ընթացքին Լին Թրէյսին յայտարարած էր, որ Հայաստանի մէջ Միացեալ Նահանգներու քաղաքականութեան հիմնական նպատակն է ամրապնդել Հայաստանի անկախ պետականութիւնը։

«Հայաստանի մէջ մեր քաղաքականութեան նպատակը կը մնայ անփոփոխ. անկախ, ժողովրդավար եւ բարգաւաճող Հայաստանի ամրապնդումը, որ խաղաղութեան մէջ  կ’ապրի իր հարեւաններուն հետ: Եւ մենք կրկին կը հաստատենք մեր նուիրուածութիւնը ինքնիշխան Հայաստանին, որ ազատ է ընտրելու սեփական գործընկերները», – յայտարարած է Թրէյսին:

Միացեալ Նահանգները արտերկրի մէջ ներկայացնող դեսպանները կ’առաջադրուին՝ նախագահի, սակայն կը հաստատուին Ծերակոյտի կողմէն: 24 տարուան հանրային ոլորտի մէջ աշխատանքի փորձ ունեցող Լին Թրէյսին ԱՄՆ-ի Պետական քարտուղարութեան Ռուսաստանի հարցերով աւագ խորհրդականն էր: Նախապէս զբաղեցուցած է Ռուսաստանի ու Թուրքմենստանի մէջ ԱՄՆ-ի փոխդեսպանի պաշտօնը, եղած է ԱՄՆ-ի պետական փոխքարտուղարի տեղակալ Հարաւային եւ Կեդրոնական Ասիոյ երկիրներու գիծով:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment