Home ԳԼԽԱՒՈՐ ԼՈՒՐԵՐ Նախագահի Նստավայրը Պիտի Տեղափոխուի Բաղրամեան 26

Նախագահի Նստավայրը Պիտի Տեղափոխուի Բաղրամեան 26

by MassisPost

ՀՀ կառավարութեան ընդունած որոշումին համաձայն` հանրապետութեան նախագահի նստավայրը Մաշտոցի 47 հասցէէն պիտի տեղափոխուի Բաղրամեան 26:

ՀՀ վարչապետի նստավայրը, որ այժմ Բաղրամեան 26-ն է, պիտի տեղափոխուի Հանրապետութեան հրապարակ` Կառավարական տուն 1 հասցէ:

Նախագիծով կը սահմանուի, որ նախագահի նստավայրի արարողակարգային նշանակութեան դահլիճներէն կրնայ օգտուիլ նաեւ վարչապետը:

Միաժամանակ նախագահի կամ վարչապետի կողմէ այդ դահլիճներէն որեւէ մէկը օգտագործելու անհրաժեշտութիւն յառաջանալու պարագային` տուեալ դահլիճէն վարչապետը կ՛օգտուի առաջնահերթութեան կարգով:

Յիշեցնենք, որ Յունուար 2018-ին կառավարութեան ընդունած որոշումին համաձայն` ՀՀ նախագահի նստավայրը Բաղրամեան 26-էն տեղափոխուած էր Մաշտոցի 47, իսկ վարչապետի նստավայրը տեղակայուած էր Բաղրամեան 26:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment